Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Իսկ Հիմա Ի՞նչ

Նոյեմբեր 20, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Տխրայիշատակ 9 նոյեմբերը անկիւնադարձային թուական է հայոց պատմութեան էջերուն մէջ: Արցախեան պատերազմի մեր վէրքերը չբուժուած, մեր նահատակ վեհ եղբայրներուն ու քոյրերուն սուգը չամբողջացուցած, սթափեցանք սահմռկեցուցիչ եւ անընդունելի պայմաններ ընդգրկող համաձայնագիրի մը լուրով:

Անընդունելի, անհաւատալի, աներեւակայելի, բայց ափսոս` իրողութիւն: Աւելի քան քառասուն օրուան հայրենապահպան յախուռն պատերազմին եւ համահայկական աննախընթաց ճիգերուն վերջ դրուեցաւ տխրահռչակ ու նուաստացուցիչ համաձայնագիրով մը:

Անշուշտ հարկ չկայ ըսելու, թէ այդ լուրը կայծակի նման բռնկեցուց ողջ հայութիւնը, կարծէք թէ աշխարհը փուլ եկած ըլլար մեր գլխուն… իսկութեան մէջ այո՛, հայոց աշխարհը փուլ էր եկած:

Ինչ որ ոսոխը չկարողացաւ գրոհով եւ պատերազմով շահիլ, այս տխրահռչակ համաձայնագիրով ստացաւ իբրեւ նուէր` ոսկիէ ափսէի վրայ ու վե՛րջ:

Իսկ հիմա ի՞նչ…

1) Անշուշտ միջազգային օրէնքներու վրայ հիմնուելով` երբ այս տեսակի եւ այս մակարդակի դժգոհութիւն եւ անվստահութիւն կը տիրէ ժողովուրդին մէջ, առաջին պայմանն է, որ կառավարութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչապետին, հրաժարի: Ասոր այլընտրանքը չկայ, եթէ մենք տակաւին կը հաւատանք, թէ ժողովրդավար պետութեան մէջ կ՛ապրինք, եւ ոչ թէ մենատիրական:

2) Նոր ընտրութիւններ կազմակերպել` թափանցիկ ու քաղաքակիրթ, այլ պետութիւններու նման ժողովրդավարութեան վրայ հիմնուելով:

3) Ընդունիլ ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ կազմել Ազգային փրկութեան կառավարութիւն:

Այս կառավարութեան հիմնական եւ շուտափոյթ գործն է`

Ա) Արցախէն տեղափոխուած ժողովուրդը տեղաւորել եւ հասնիլ անոնց կարիքներուն:

Բ) Նահատակներու ընտանիքներուն կարիքներուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը ստանձնել:

Գ) Պատերազմէն վիրաւորուած զինուորներուն եւ անձերուն դարմանումը ամբողջովին ապահովել:

Դ) Արցախի ամբողջ վանքերը, եկեղեցիները եւ պատմական, ազգային թէ մշակութային արժէք ներկայացնող կոթողները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հովանաւորութեան տակ դնել:

Ե) Ամէն գնով օտար պետութիւններու օժանդակութիւնները օգտագործել, նաեւ` Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը` ի նպաստ Արցախէն տեղափոխուած ընտանիքներուն:

Զ) Մշակել 5 տարուան վրայ երկարող հայրենաշէն ծրագիր, որ կ՛ընդգրկէ տնտեսական, զինուորական, ընկերային երեսներ եւ զայն ներկայացնել ժողովուրդին:

Է) Հայաստանի դատական համակարգը եւ դրութիւնը ամբողջովին վերատեսութեան ենթարկել` զանոնք բարելաւելու նպատակով:

Ը) Հաշուեքննութեան ենթարկել ամբողջ պետական նախարարութիւնները, նաեւ արտասահմանէն ղրկուած նպաստները` թափանցիկութիւն ստեղծելու եւ վստահութիւն ներշնչելու նպատակով:

Թ) Ստեղծել զուտ համասփիւռքեան լայն ժողովական կազմ (ընտրուած սփիւռքի կողմէ), որ Հայաստանի կառավարութեան մէջ ներկայացուած ըլլայ պատշաճ աթոռներով:

Ժ) Միանգամընդմիշտ մաքրել հայրենիքը վատ ցեցերէն, այսինքն` ձերբազատիլ ներքին մաֆիայէն, որ կը քամէ հայրենիքի տնտեսութիւնը:

Ի) Մշակել եւ ստեղծել համահայկական ազգային տուրք, որուն ամէն հայ անհատ պէտք է մասնակցի` նպատակ ունենալով հայրենիքի բարգաւաճումը:

Վերոյիշեալ կէտերու գործադրութեամբ կարելի կ՛ըլլայ ձերբազատիլ այս տխուր, չըսելու համար դժոխային վիճակէն:

Հայրենիքը դէպի անդունդ կ՛երթայ: Արտաքնապէս կորսնցուցինք Արցախը, ներքնապէս քաղաքացիական պատերազմի սեմին ենք (կարծենք թէ), ժողովուրդին կողմէ դաւաճան կոչուած վարչապետ մը կ՛ուզէ մենատիրութիւն բանեցնել. սփիւռքը վհատ է եւ յուսաբեկ, գրեթէ ամբողջովին կորսնցուցած է վստահութիւնը հայրենիքին նկատմամբ: Բայց եւ այնպէս մենք տակաւին յամառօրէն կը հաւատանք, թէ հայրենիքը փիւնիկի նման անգամ մը եւս կրակին մէջէն պիտի բարձրանայ դէպի երկինք:

Կայմը տակաւի՛ն կայուն է, այնքան ատեն որ մեր արեան գոյնն է եռագոյնը, մեր երակներուն մէջ կը հոսի մեր նահատակներու արիւնը, եւ մենք տոգորուած ենք Վարդանի հաւատքով, անպայմանօրէն միասնաբար պիտի հասնինք մեր գերագոյն նպատակին` միացեալ, ազատ եւ անկախ հայրենիքին:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Դէպի Այ.Էս.Էս.

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?