Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Կրակոցի Դադրեցման Հարցը Լուծուած Է Թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, Թէ՛ Ալ Ֆրանսայի Մասնակցութեամբ» Կ՛ըսէ Լաւրով

November 20, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակոցի դադրեցման հարցը լուծուած է թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, թէ՛ ալ Ֆրանսայի մասնակցութեամբ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով, որ որոշումի որդեգրման ընթացքին հաշուի առնուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն դիրքորոշումը:

«Ամերիկացի ու ֆրանսացի գործընկերներուս հետ հաղորդակցութիւններու ժամանակ, ամէն անգամ, ակնյայտօրէն կը զգացուի, որ անոնց ինքնասիրութիւնը խոցուած է: Եւ ատիկա ցաւալի է», ըսած է Սերկէյ Լաւրով:

Ան «Ռաշա Թուտէյ»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին, մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան լուծումին մէջ ռուսական կողմի մասնակցութեան վերաբերեալ, յայտնած է. «Նախ, ես չեմ կարծեր, որ անիկա լուծուեցաւ առանց Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեան, որովհետեւ, ի հարկէ, երեք համանախագահներու` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դիրքորոշումը, որ 9 նոյեմբերին ստորագրուած փաստաթուղթին նախորդող վերջին ամսուան ընթացքին բազմիցս ներկայացուած է թէ՛ նախագահներու, թէ՛ ալ նախարարներու եւ համանախագահող երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու մակարդակով, եղած է յօգուտ արիւնահեղութեան անյապաղ դադրեցման եւ զինադադարի դրութիւնը վերահսկելու մեքանիզմի մշակման, եւ քաղաքական առումով, հոգեբանօրէն ազդած է իրավիճակին վրայ», ըսած է Լաւրով:

Անոր համաձայն, հակառակ անոր որ այն ժամանակ կոչերը չունէին նիւթական տեսք, այսուհանդերձ կարեւոր քաղաքական դեր խաղացած են պայմաններ ստեղծելու համար, որպէսզի Ռուսիոյ նախագահի ջանքերուն շնորհիւ կողմերը ի վերջոյ համաձայնութեան հասնին:

«Իրավիճակի մը մէջ, երբ խօսքը բառացիօրէն վայրկեաններու մասին էր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր գինը ունէր` մարդկային կեանքերու տեսքով, Ուաշինկթըն, Փարիզ հեռաձայնե՞լ, համաձայնի՞լ այն հարցի շուրջ, թէ արդեօք անոնք պիտի սատարե՞ն որոշակի ձեւակերպումներու…», հարց տուած է Լաւրով եւ այն կարծիքը յայտնած, որ այդպիսի պնդումներ կատարելը պարզապէս սխալ է եւ ոչ բարոյական:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն եւ Փարիզ տակաւին շատ հարցումներ ունին Մոսկուային` տագնապի լուծման համաձայնութեան, ներառեալ` Թուրքիոյ դերին վերաբերեալ: Լաւրովն ալ ըսած էր, թէ տարօրինակ է այդպիսի բան ըսել, որովհետեւ ամերիկացի գործընկերները տեղեկացուած էին արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի մակարդակով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ «Ռաշա Թուտէյ»-ին յայտնած է, որ Մոսկուան, Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ համաձայնութեան հասնելով, չէ խախտած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գծով իր պարտաւորութիւնները:

«Մէկ կողմէն (կը պնդեն)` «Ռուսիան գրեթէ բոլորին խաբած է եւ դարձած գլխաւոր շահառուն», իսկ միւս բեւեռին մէջ` «Ռուսիան դաւաճանած է իր դաշնակիցներուն»: Դուք կը տեսնէք, թէ տեղի ունեցածը որքա՛ն անազնիւ կը մեկնաբանեն նաեւ մեր` ռուսական քաղաքական միջավայրին մէջ», ըսած է ան:

Նախարարը նշած է, որ որոշ վերլուծաբաններ ուղղակիօրէն կը մեղադրեն ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ պարտաւորութիւններու դաւաճանութեան մէջ: «Նախ` չեմ կարծեր, որ մարդիկ (իսկ գիտեմ անոնց մականունները) պարզապէս քաղաքականապէս ու իրաւաբանօրէն անգրագէտ են: Երկրորդ` անոնք չեն կրնար չիմանալ, որ ՀԱՊԿ-ի պարտաւորութիւնները կը տարածուին բացառապէս ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրը արտաքին յարձակումէն պաշտպանելու վրայ, ինչ որ, ի հարկէ, Հայաստանի հետ տեղի չէ ունեցած: Նման օրինակներ շատ են: Անոնք կը ձգեմ արտասահմանի եւ Ռուսիոյ մէջ եղած հեղինակներու խիղճին վրայ», նշած է Լաւրով:

«Հիմա, ըստ ամենայնի, մեր մոլի ընդդիմադիրներուն համար բոլոր միջոցներն ալ լաւ են` մինչեւ իսկ փաստերու բացայայտ վերադասաւորումը: Մենք պիտի աշխատինք մեր արտաքին քաղաքականութեան իրականացման ուղղութեամբ, որ սահմանուած է նախագահին կողմէ եւ կը վայելէ մեր քաղաքացիներու լայն աջակցութիւնը` դատելով հարցումներէն, ներառեալ «Ռաշա Թուտէյ»-էն», աւելցուցած է նախարարը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, որ Մոսկուան, Ղարաբաղի վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութիւնը մշակելու ընթացքին, չէ ձգտած որեւէ քաղաքական միաւոր վաստկիլ: «Ոչ, մենք այդպիսի ձգտում չենք ունեցած», ըսած է Լաւրով` պատասխանելով համապատասխան հարցումին:

 

Նախորդը

«Մոսկուան Կը Տեսնէ, Որ Կը Փորձեն Ղարաբաղի Վերաբերեալ Յայտարարութիւնը Խեղաթիւրել» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Քազեմիրօ Ապաքինած` «Քորոնա» Ժահրէն

RelatedPosts

Ըստ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն.  Դամասկոսի Իշխանութիւններուն Պատկանող  Խմբաւորումներ Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ Եւ Աշրաֆիէ  Շրջաններուն Մօտ Իրենց Պարեկութիւնը Աշխուժացուցած Են
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը Սուրիոյ, Քիւրտիստանի Եւ Եւրոպայի Քիւրտերուն Կոչ Կ՛ուղղեն` Դիմադրութեան Մասնակցելու

January 21, 2026
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  Նախագահն Ու Մարոքի Նախագահը Ընդունեցին  Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու Թրամփի Հրաւէրը
Գլխաւոր լուրեր

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Նախագահն Ու Մարոքի Նախագահը Ընդունեցին Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու Թրամփի Հրաւէրը

January 21, 2026
Զամիր. «Ճակատամարտը Չէ Աւարտած,  Բոլոր Ճակատները  Կը Գործեն, Եւ Տակաւին Մեր Առջեւ  Բազմաթիւ Մարտահրաւէրներ Կան»
Միջազգային

«Անակնկալ Պատերազմի Ծագման Կարելիութեան Կը Պատրաստուինք» Կ՛ըսէ Զօր. Զամիր

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.