ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Շարպել Ուեհպէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը: Դեսպանը Ուեհպէին յանձնեց անոր ռուս պաշտօնակիցէն` Սերկէյ Լաւրովէն նամակ մը: Հանդիպումէն ետք Ռուտաքով ընդգծեց, որ եթէ պայմանները ձեռնտու ըլլան, Լաւրով մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Լիբանան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի զինուորական խորհուրդը` նախագահութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն նշանակեց գնդապետ-զօրավար Թոնի Քահուաժին: Այս որոշումը պիտի ուղարկուի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըրի` առ ի վաւերացում:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Ռընէ Փոլ Ամրին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու երկրին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-եգիպտական իրադարձութիւնները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի հաստատեց, որ համախմբումը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` ապահովելու համար դրամատուներուն մէջ գտնուող լիբանանցի քաղաքացիներուն հաշիւները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան վերադարձնելու պետութենէն իւրացուած գումարները:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա շեշտեց, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը միակ ելքն է, որուն ընդմէջէն կարելի է նոր կառավարութիւն մը կազմել:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի անդամ երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, թէ իրենք կը մերժեն, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի նշանակէ քրիստոնեայ նախարարները` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը պէտք է կատարուի միացեալ չափանիշներով:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը իրաւունք չունի կառավարութեան ընթացիկ աշխատանքները կասեցնելու` մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը: Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը կարեւոր որոշումներ ունի տալիք, ինչպէս` 2021-ի պետական ամավարկի վաւերացումը եւ կարգ մը այլ որոշումներ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ շեշտեց, որ 17 հոկտեմբեր 2019-էն ի վեր Լիբանանի մէջ յառաջացած են հսկայ փոփոխութիւններ, որոնց շնորհիւ կրնան նոր իրավիճակներ պարզուիլ եւ նոր աշխատելաոճ ծաւալիլ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ պէտք է միասնական աշխատանք տանիլ նոր կառավարութեան կազմութեան համար` աւելցնելով, որ Հըզպալլան պատասխանատու է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակելու:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն համաձայն չգտնուեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախարարներու թեկնածուներուն շուրջ: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ կառավարութեան կազմութեան պայմանները տակաւին չեն հասունցած, հետեւաբար նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի միջեւ բոլոր հանդիպումները դատարկ օղակներու շուրջ եղած են:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ վերջերս բացայայտուած են 49 բեռնարկղեր, որոնք շատ վտանգաւոր նիւթեր կը պարունակեն: Ըստ նոյն օրաթերթին, շրջանառութեան մէջ կը գտնուի 2 միլիոն տոլար արժողութեամբ գործարք մը` շատ վտանգաւոր այդ նիւթերը նաւահանգիստէն փոխադրելու նպատակով:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Լիբանանին ոչ մէկ օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ, եթէ Հըզպալլա կառավարութեան մէջ ներկայացուի: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի կառչած կը մնայ ազգային կառավարութիւն կազմելու իր կեցուածքին: