Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահագրութիւն. Տիկին Արաքսի Վարժապետեանի 1924-2020

October 17, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ.Վ.

Խոր վիշտով իմացանք Տիկին Արաքսի (Տէյիրմենճեան) Վարժապետեանի մահը, որ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 6, 2020ին:  Ան անդրանիկ դուստրը Արշակ եւ Զապէլ Տէյիրմէնճեաններու ծնած էր Երուսաղէմ 1924ին. ծնողքը Մարաշէն՝  Մեծ Եղեռնէն ու աքսորէն վերապրած, իրենց շունչ առած էին Պաղեստին:  Ծնողքին տոհմը՝ Մամիկոնեան Արտաշատէն գալով հաստատուած էր Կիլիկիա եւ ձեռնարկած էր ջաղացքի գործարանի:  Ստիպողաբար ազգանունը փոխած էր Տէյիրմենճեանի:

Արաքսին հասակ կ’առնէր Երուսաղէմի մէջ ուսանելով տեղւոյն Թարգմանչաց Ազգային վարժարանը, ուր կը ստանար ազգային հոգեւոր կրթութիւն:  Այնուհետեւ, բարձրագոյն ուսման համար կը հետեւէր տեղւոյն LGS անգլիական վարժարանը:

Պէյրութ հաստատուելով կ’ամուսնանայ ծանօթ ազգային կրթական մշակ ու գործիչ, պատմաբան ու թարգմանիչ Սիսակ Վարժապետեանի հետ: Եկեղեցական տագնապի տխուր օրերուն, բոլորանուէր կը նուիրուի Մայր Աթոռի պայծառութեան եւ մաս կը կազմէ Պէյրութի մէջ հիմնուած «Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Միութեան» եւ ի գնահատանք Միութեան տարիներու անսակարկ ծառայութեան համար իրենց կը շնորհուի Ամենայն Հայոց Հայրապետ Վազգէն Ա.ի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանն ու սրբատառ կոնդակը:

Իր ամուսնոյն՝ Սիսակին հետ տասնամեակներ ամբողջ իր ծառայութիւնը կը բերէ Լիբանանի ՀԲԸՄի եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԵԸ) կեանքէն ներս:  Երկար տարիներ Սիսակը եղած էր հիմնադիրներէն եւ վարած էր ՀԵԸի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի պաշտօնը. պէտք է արձանագրել որ այդ շրջանին կազմակերպութիւնը ունեցաւ մշակութային, մարզական եւ սկաուտական բեղուն գործունէութիւն:  Ինքն էր որ գրած էր Ընկերակցութեան քայլերգին բառերը:

Մայիս 8, 2006ին Ամերիկայի Կիլիկեան Թեմի առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան կը մեծարէ Տիկին Արաքսին օրպէս Տարուան Մայրը:

Վարժապետեաններ բախտաւորուեցան երեք զաւակներով՝ Խաժակ, Շողակ եւ Շահնուր: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով անոնք փոխադրուեցան Միացեալ Նահանգներ եւ արժանացան փեսային՝ Տոքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեանի եւ դստեր՝ Շողակի անմիջական գուրգուրանքին:  Վարժապետեաններ Ամերիկայի մէջ եւս շարունակեցին բերել իրենց ծառայութիւնը հայ դպրութեան, եկեղեցւոյ եւ կրթական կեանքին:  Արաքսին երկար տարիներ մաս կը կազմէր Փալոս Հայթցի (Իլլինոյ) Ս. Յովակիմ եւ Անն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ երգչախումբին: Սիսակ Վարժապետեան կը մահանայ 1982ին:

Ողբացեալ Արաքսիին յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Գալիֆորնիոյ Ռոզ Հիլզ գերեզմանատան մէջ ուր պիտի ամփոփուի ողբացեալին մարմինը ընտանեկան դամբարանին մէջ:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (16 Հոկտեմբեր 2020)

Յաջորդը

ՄԱՀԱԵՄ-ի Խօսքը` Պատուելի Սեւակ Թրաշեանին Տարաժամ Մահուան Առթիւ

RelatedPosts

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը
Անդրադարձ

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը

October 3, 2026
Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)
Անդրադարձ

Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)

October 3, 2026
Ուսանողութիւնը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Սլաք. Ըսեմ-Չըսեմ

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.