Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկրի Ընկերային Ու Քաղաքական-Տնտեսական Տագնապներուն Գծով Լիբանան Կը Թեւակոխէ Վճռական Շաբաթ Մը

Հոկտեմբեր 12, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկար տեղքայլէ ետք, կառավարութեան կազմութեան կարելիութիւնը դարձեալ սեղանի վրայ դրուեցաւ, երբ անցնող շաբաթավերջին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնեց իր թեկնածութիւնը ներկայացնելու վարչապետի պաշտօնին: Շատերու համար անակնկալ թուացող Հարիրիի այս քայլը կու գայ այնպիսի պահու մը, երբ երկիրը կը տապլտկի իր ներքին ընկերային, տնտեսական, առողջապահական, քաղաքական թէ այլ հրատապ հարցերուն մէջ:

Փաստօրէն, 17 հոկտեմբեր 2019-ի ժողովրդային պոռթկումի առաջին տարեդարձի սեմին պահանջուած բարեկարգչական քայլերէն գրեթէ ոչինչ իրագործուած է: Աւելի՛ն, 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստին ահաւոր պայթումը իր մահասփիւռ հետեւանքներով յաւելեալ նետ մըն էր` առանց այդ ալ մահամերձ վիճակի մէջ եղող երկրի տնտեսական իրավիճակին ուղղուած: Ամերիկեան տոլարին յարաճուն եւ սրընթաց սլացքը իր պարտադրած սղաճով, տնտեսութեան եւ ապրուստի պայմաններու գահավիժումը փութացնող մէկ այլ նետ մը նկատուեցաւ, խրուած` լիբանանցիներու յուսադրիչ ակնկալութեանց: Իսկ կարգ մը տարրական սննդեղէններու պետական զօրակցութեան վերացման հաւանականութեան պատճառով սղաճի նոր ալիքը առաւել եւս պիտի ընդվզեցնէ յուսահատ քաղաքացիները` զանոնք յուսալքելով ու արտագաղթի դիմողներու նոր ալիք մը յառաջացնելով դեսպանատուներու սեմերուն: Այս գծով  ժողովրդային թէ միութենական զանազան խմբաւորումներ կը պատրաստուին «մեծ շուքով» հաշուետուութիւն պահանջել երկրի վարիչներէն` պահանջելով խոստացուած բարեկարգումներու քայլերէն ցարդ իրագործուած նախաձեռնութիւններ: Կը նախատեսուի, որ պահանջատիրական այդ շարժումներու «վերաբացումը» կատարէ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը, որ արդէն իսկ կոչ ուղղած է իր հետեւորդներուն վաղը` երեքշաբթի,  13 հոկտեմբերին,  «փողոց իջնելու» ընդհանուր ցոյցի: Տակաւի՛ն, «Քորոնա» ժահրի համավարակը այլ փորձանք մը եղաւ, որու զոհերուն նորագոյն հաշուարկը շաբաթավերջին գուժեց 4 մահ եւ 1010 վարակուած պարագաներ: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան ներում հայցեց քաղաքացիներէն` նշելով, որ «Քորոնա»-ի գծով Լիբանան կը գրաւէ աշխարհի երկրորդ դիրքը եւ երկիրը կը մօտենայ սպանական օրինակին:  Իսկ չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբերին, Լիբանան ժամադրուած է հարաւի ծովային ջուրերու սահմանագիծի ծիրին շուրջ բանակցութեանց առաջին փուլին: Քայլ մը, որուն հեզասահ ընթացքը կրնայ տնտեսական խոստմնալից «բուժիչ բալասան» մը նկատուիլ երկրի տնտեսութեան բարելաւման ու բարգաւաճման գծով:

Այս բոլորի լոյսին տակ մարդիկ, մեկնաբաններ ու քաղաքացիներ հարց կու տան, թէ ի՛նչ բան փոխուեցաւ, որ դարձեալ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կ՛ուզէ իր թեկնածութիւնը ներկայացնել: Խորքին մէջ, ան հրաժարած էր 17 հոկտեմբեր 2019-ի ժողովրդային պոռթկումէն տասը օր ետք եւ  անոր ճնշումին տակ:

Վերջին օրերու ներքին թէ արտաքին քաղաքական իրադարձութեանց տողընդմէջ ընթերցումը կը պարզէ, թէ լիբանանցի կարգ մը ղեկավարներ տրամադիր են «առիթ մը եւս» տալու եւ ընդառաջելու Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան պատրաստակամութեան: Այս իմաստով խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի համաձայն, ընդհանուր համախոհութիւն կը տիրէ եւ անիկա կրնայ աւելի «արդիւնաւորուիլ» յառաջիկայ օրերուն: Ֆըրզլի երէկ խիստ հաւանական նկատեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումը հինգշաբթի, 15 հոկտեմբերին նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ խորհրդարանական ներկայացուցիչներու հետ կայանալիք խորհրդակցութիւններու աւարտին: Նմանապէս, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր մտերմիկ զրոյցներու ընթացքին չէ ծածկած իր համամտութիւնը Սաատ Հարիրիի հետ գործակցելու գծով: Փաստօրէն, այսօր, երկուշաբթի կը նախատեսուի, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի անջատ հանդիպումներ ունենայ նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ ապա այսօր, կամ վաղը երեքշաբթի` քաղաքական տարբեր կողմերու ղեկավարներուն հետ: Այս խորհրդակցութեանց աւարտին Հարիրի պիտի վճռէ շարունակել կամ յետս կոչել  վարչապետութեան իր թեկնածութիւնը: Այս իմաստով քաղաքական կարգ մը կողմեր արդէն իսկ արտայայտած են իրենց ժխտական  կեցուածքը Հարիրիի վարչապետութեան գծով` «փորձուածը դարձեալ չեն փորձեր» կարգախօսով: Այլ խումբեր իրենց կեցուածքը պիտի յայտարարեն այս մասին ներքին ժողովներ գումարելէ ետք այսօր: Այս գծով քաղաքական մեկնաբան Սալեմ Զահրան երէկ հաւանական նկատեց Սաատ Հարիրիի նշանակումը մասնագէտ-քաղաքական կազմով կառավարութեան մը վարչապետ` հարց տալով, թէ կողմերը որքանո՞վ պիտի ընդառաջեն Հարիրիի առաջադրելիք կառավարական գործունէութեան ծրագիրին: Զահրան նաեւ անհաւանական չնկատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը դեռ ձգձգուի` սպասելով կողմերէն ակնկալուող յաւելեալ զիջումներու: Իր կարգին, նախկին նախարար Սըժաան Քազզի երէկ շեշտեց խօսքէն գործի անցնելու անհրաժեշտութիւնը` նշելով, որ միայն «բարի կամեցողութիւնը» բաւարար չէ: Ան դիտել տուաւ, թէ կը գտնուինք դժուար փուլի մը դիմաց, եւ այս գծով Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նոր դեսպան Անն Կրիօ այս շաբթուան ընթացքին պիտի տեսակցի զանազան կողմերու հետ` ֆրանսական նախաձեռնութեան գործադրութեան ծիրին մէջ:

 

Նախորդը

Ալիեւ Յայտարարած Է Երեւանի Հետ Բանակցելու Պաքուի Պատրաստակամութեան Մասին

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Հիթ Յաղթական՝ Լոս Անճելըսի Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?