Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Կողմէ Վերջին Յարձակումը Արցախի Վրայ

September 30, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխարհի մեծագոյն երիտասարդական-քաղաքական կազմակերպութիւնը` Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը, որուն կ՛անդամակցի ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդականը, յատուկ յայտարարութիւններով խստօրէն դատապարտած է Արցախի վրայ ազրպէյճանական յարձակումը:

«27 սեպտեմբերի կանուխ առաւօտեան Ազրպէյճանը լայնածաւալ ռազմական յարձակումներ իրականացուցած է արցախեան-ազրպէյճանական շփման գօտիին մէջ, ինչպէս նաեւ ուղղակի յարձակումներու ենթարկուած է Ստեփանակերտի եւ այլ քաղաքներու խաղաղ բնակչութիւնը եւս: Ազրպէյճան կ՛իրականացնէ այս գործողութիւնները` ոտնակոխելով Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ 1994 կնքուած հրադադարը, եւ «Քորոնա» ժահրի համավարակի ընթացքին համընդհանուր հրադադար հաստատելու` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութեան վերջին կոչը:

Ամէնէն մտահոգիչ փաստը այն է, որ Թուրքիան լկտիաբար յայտարարած է Ազրպէյճանին իր լայնածաւալ օգնութեան մասին: Թուրքիան, ունենալով մարդու իրաւունքներու խախտումներու երկարատեւ պատմական փորձ, ինչպէս, օրինակ, բռնութիւնները քիւրտերու դէմ, ռազմական ներխուժումները Սուրիա եւ Լիպիա, Յունաստանի եւ Կիպրոսի դէմ եղած սադրանքները, կը շարունակէ վարել ռազմատենչ քաղաքականութիւն: Ե՛ւ Թուրքիան, ե՛ւ Ազրպէյճանը ոտնահարած են ժողովրդավարութեան սկզբունքները, տարիներ շարունակ ապակայունացուցած շրջանը եւ կը շարունակեն խախտել խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը շրջանին մէջ:

Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ վերջին յարձակումը Արցախի վրայ եւ կը յորդորէ անմիջապէս դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, յատկապէս` խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ: Պատմութիւնը ապացուցած է, որ ռազմական գործողութիւնը չի կրնար որեւէ կառուցողական բանի յանգեցնել, եւ երբեւէ ոչ մէկ կողմ պիտի շահի  լայնածաւալ պատերազմէն:

Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը նաեւ կը դատապարտէ Թուրքիոյ յարձակողապաշտ դիրքորոշումը եւ անոր շարունակական անխոհեմ քայլերը, որոնք կը նպաստեն շրջանի ապակայունացման:

Միութիւնը լիայույս է, որ տագնապի խաղաղ լուծումը կարեւոր է միայն լարուածութեան թուլացման եւ բանակցութիւններու վարման ճամբով` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն գլխաւորութեամբ, միջազգային իրաւունքի եւ 1975 թուականի Հելսինքեան համաձայնագիրներուն մէջ ամրագրուած սկզբունքներու հիման վրայ` բանակցային գործընթացի միջոցով:

Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղէ պահանջել ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցում», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը Ընկերվար միջազգայնականի ուղեկից երիտասարդական կազմակերպութիւն է, որուն կ՛անդամակցին աւելի քան 143 կազմակերպութիւններ աշխարհի շուրջ 100 երկիրներէ: ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան լիիրաւ անդամ է:

Նախորդը

Լիբանանահայ Գրողներու Համախմբում. Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Հայոց Բանակին Ու Արցախի Հզօրացման Մասնակցութիւնը Իւրաքանչիւր Հայու Սրբազան Պարտաւորութիւնն Է

RelatedPosts

Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նուիրուած «Լիալուսին» Հատորի Շնորհահանդէս
Գաղութային

Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նուիրուած «Լիալուսին» Հատորի Շնորհահանդէս

September 25, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ

September 25, 2026
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Տոհմիկ Երեկոն Մուսա Լերան Խրոխտ Ու Հարազատ Մթնոլորտը Կենդանացուց Այնճարի Մէջ
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Տոհմիկ Երեկոն Մուսա Լերան Խրոխտ Ու Հարազատ Մթնոլորտը Կենդանացուց Այնճարի Մէջ

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.