ՆԱՐՕՏ ՔԷՉԷՊԱՇԵԱՆ
Քանի մը ամիսէ ի վեր մտահոգ ենք Հայաստանի իրադարձութիւններով` հայ-ազերիական սահմանին վրայ անկայուն վիճակ, քաղաքական անլուծելի խնդիրներ եւ այլն… Այս հարցերը սկիզբ առին յուլիս 10-ին, Թուրքիոյ նախագահին ստորագրութեամբ Այա Սոֆիայի պատմական եկեղեցին ու թանգարանը մզկիթի վերածելու վերաբերող որոշումով: Այս արտօնագիրը ճակատագրական էր` տրուած ըլլալով, որ այդ եկեղեցին պատմութեան մէջ մշակութային մեծ դեր խաղացած է, ինչպէս նաեւ կարեւոր դեր ունէր իսլամական երկրի` Թուրքիոյ մէջ: Այս մէկը եղաւ բարձր շուքով, այս մասին խօսուեցաւ գրեթէ բոլոր պատկերասփիւռի կայաններէն եւ ընկերային ցանցերէն: Ապա, երկու օր ետք, հայ-ազերիական սահմանի վրայ շարժում սկսաւ` ներթափանցման- հետախուզական փորձ, սակայն ազերի բանակը չյաջողեցաւ ոտք դնել հայկական հողերու վրայ, այլ կրեց ծանր վնասներ: Այդ բաւարար չէր կ՛երեւի, որովհետեւ ազերի բանակը յաջորդող օրերուն շարունակեց իր յարձակումը հայկական դիրքերու վրայ: Հայկական կողմը եւս ունեցաւ մարդկային զոհեր, վնասուեցան տուներ, դպրոցներ, մանկամսուրներ, նաեւ` «Քորոնա» ժահրի տարածման այս դժուար պայմաններուն մէջ` դիմակ արտադրող կեդրոններ: Արձանագրուեցան հայկական կողմի առաջին զոհերը` Սմբատ, Սօս, Կրիշա եւ Կարուշ: Այսպիսով ոտքի ելան սփիւռքի հայ երիտասարդները, կազմակերպուեցան ցոյցեր տարբեր երկիրներու Ազրպէյճանի հիւպատոսարաններու դիմաց: Ցոյցերը սկսան Փարիզէն, ապա շարունակուեցան ու հասան Աթէնք, Շուէտ, Պոսթըն, Լոս Անճելըս, Անժանթին, Պրազիլ, եւ այլ շրջաններ: Բարձրացաւ պաստառներուն վրայ գրուած էին «Ո՛չ պատերազմին, ո՛չ Ալիեւին» եւ այս տեսակի տարբեր կարգախօսներ: Սակայն ասոնց դիմաց ազերիները իրենց երկրին մէջ այլ նպատակ ունեցող ցոյցեր կազմակերպեցին` ոչ միայն քաջալերելով պատերազմը, այլ նաեւ պահանջելով շարունակել այդ պատերազմը մինչեւ Շուշի ու Երեւան: Տարօրինակ է չէ՞ այս տարբերութիւնը: Սահմանակից երկիրներ, սակայն բոլորովին տարբեր քաղաքակրթութիւններ ու տարբեր մտայնութիւններ: Իսկ գալով այլ երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ազերիական ցոյցերուն, անոնք միշտ կը փորձէին հայերուն կազմակերպածը վերածել վայրագութեան, վէճի, կռիւի նոյնիսկ պատճառելով վիրաւորներ, որոնք հիւանդանոց հասնելու կարիք ունեցան: Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանի պաշտօնական ինքնաշարժը «պատահաբար» կրակ կ՛առնէ, իսկ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հայկական դպրոցի մը պատերը կը խծբծուին: Իսկ ասոնց դիմաց ի՞նչ: Համաշխարհային ճանաչո՞ւմ, թէ՞ համաշխարհային դատապարտո՞ւմ…
Մէկդի դնելով համաշխարհային հարցը` գամ սիրտս աւելի ծանրացուցած հարցի մը: Ի՞նչ էր լիբանանահայութեան ներդրումը ազերիական պետութեան դէմ դատապարտման աշխատանքին մէջ: Վստահաբար վերջերս շատ լսեցիք Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն մասին: Վստահ եմ, որքան ձանձրացաք այս նիւթերէն, սակայն իմ ըսելիքս այս գծով չէ: Կը կարծէք, թէ Լիբանանի ներկայի բոլոր հարցերուն լոյսին տակ, կարելի՞ էր ցոյցեր կազմակերպել: Կարելի՞ էր հոկտեմբերէն սկսած «յեղափոխութեան» իրարանցումի պայմաններուն մէջ, լիբանանահայութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպէր այլ երկրի մէջ տեղի ունեցող պատերազմի մը պատճառով: Կարելի՞ էր «Քորոնա» ժահրի տարածման գագաթնակէտին, լիբանանահայութիւնը հաւաքուէր ազերիական հիւպատոսարանի դիմաց: Կը կարծէ՞ք Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններէն ետք Թուրքիոյ հակամէտ կողմը ոտքի պիտի չելլէր եւ ալ աւելի մեծ հարցերու դուռ պիտի չբանար` սպառնալով ողջ Լիբանանի հայ ժողովուրդին: Այս բոլորը եթէ տեղի ունենային, մենք պիտի վնասէինք մենք մեզ, մանաւանդ` մեր ապահովութիւնը: Պիտի լսէինք սովորականէն աւելի քննադատութիւններ: Պիտի լսէինք նաեւ խօսքեր, որոնք հարցականի տակ կ՛առնէին մեր քաղաքացիութիւնը: Այս բոլորը հասկնալով եւ ըմբռնելով հարցին լրջութիւնը, լիբանանահայ երիտասարդութիւնը նախընտրեց ցոյցեր չկազմակերպել հիւպատոսարանի դիմաց, այլ բողոքը կատարել ընկերային ցանցերուն վրայ: Սակայն կը կարծէ՞ք բաւարար է: Շատեր պիտի ըսեն, որ այս օրերուն ամէնէն նպատակայարմար բողոքները տեղի կ՛ունենան առցանց, սակայն անձնապէս այդ բաւարար չեմ նկատեր: Ատիկա բաւարար կ՛ըլլայ, երբ բողոքի ցոյցն ու առցանցը կ՛ամբողջացնեն զիրար եւ հանրային կարծիքին կը ներկայացնեն ամբողջ հարցը: Լիբանանահայութիւնը միշտ եղած է առաջին գիծի վրայ եւ առաջին նախաձեռնողը: իսկ հիմա՞…
Միտքս ամփոփած եւ այս յօդուածիս տողերը աւարտած էի, եւ յանկարծ պայթումի ձայն մը: Պայթում մը, որ ուժգնօրէն ցնցեց Լիբանանի սիրտը, շարժեց բոլորին տան հիմերը, հոգեպէս աւելի վիրաւորեց Լիբանանի ժողովուրդը: Ժողովուրդ մը, որ ալ իր կեանքի վերջին շունչը կը քաշէր եւ կը փորձէր այս դժուարին պայմաններու մէջ վերապրիլ…
Աւելի՛ն, լիբանանահայութիւնը խորապէս վնասեց իր զաւակները, անձնական հաստատութիւնները, ակումբներն ու կեդրոնները: Մեր հայրերն ու մայրերը բոլորն ալ ապրած են երկարատեւ պատերազմ Լիբանանի մէջ, բայց անոնք կը վկայեն, թէ այսպիսի ուժգին պայթում մը չեն տեսած: «Այն, ինչ որ մենք տարիներու պատերազմին տեսանք, դո՛ւք երիտասարդներդ վկայեցիք այս մէկ պայթումով», կ՛ըսէ վկայ մը: Պայթումին մօտիկ վայրերէն քալած ժամանակ կը գտնես բոլորովին քանդուած շրջաններ, կոտրած մանր-մունր ապակիներ, պատռտուած հագուստներ, նետուած դիմակներ, արիւնոտ ձեռքի հետքեր, ապագայի փճացած երազներ… Որ մէ՞կ տեսարանը նկարագրել: Ո՞ր կացութիւնը բացատրել: Կարծես լիբանանցիին միտքը բաւական չափով խճողուած չէր… Տարեցներու երեսը դիտես` հոն կը տեսնես տարիներու դժգոհութիւն եւ անապահովութիւն: Իսկ երիտասարդներուն երե՞սը… անվերջ յուսահատութիւն:
Բայց եւ այնպէս, Լիբանանի նաւահանգիստի մեծ պայթումին յաջորդ օրերը վկայեցինք տարբեր տեսարան մը երիտասարդութեան մօտ: Ան հակառակ աղէտին, տարօրինակ աշխուժութեամբ, հաստատ քայլերով ճամբայ իջած է` ձեռքին աւել մը: Ան ամբողջ օրը զբաղած է պայթումէն վնասուած շրջաններու մաքրութեամբ, նոյնիսկ եթէ այդ ըլլար փողոցը, անծանօթի տունը, թէ պատահական խանութներ… Լիբանանահայութիւնը իբրեւ հաւաքականութիւն, Լիբանանի գլխաւոր համայնքներէն մէկը, ոտքի կանգնած էր, ըլլայ անձնական միջոցով, թէ միութիւններու ճամբով կ՛աշխատէին ձեռք-ձեռքի` վերստին Լիբանանը եւ հայութիւնը բարձրացնելու նպատակով: Առաջին անգամ չէ, որ հայ ժողովուրդը ոչինչէն շինած է նորը եւ աւելի լաւը, սակայն ալ ժամը հասած է, որ ընդունինք, թէ այս բոլոր վերոյիշեալ հարցերը խորապէս կը սպառնան լիբանանահայութեան գոյատեւման եւ գոյութեան: Մեզի կը մնայ համբերել եւ սպասել…
… Հակառակ վերը յիշուած մտահոգութեանս, լիբանանահայ երիտասարդութիւնը դարձեալ փաստեց, որ գաղութի ծառայութեան մէջ տակաւին կը մնայ պստնէշի վրայ: