Մոնկոլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով կատարուեցաւ քիչ մը զարմանալի երեւոյթ մը, երբ 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին, Սումիտա Կեփրոյի գլխաւոր մարզիչը դաշտ ներկայացուց 54 տարեկան Հանտսուրեն Օյունպիլեկին, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտած էր բաւական առաջ՝1996-ին:
Ան դաշտ ներկայանալով գերազանցեց ճափոնցի Քացույոսի Մուիրայի մրցանիշը,որ կը շարունակէ իր արհեստավարժ ասպարէզը, իր 53 տարեկան հասակին:
Բայց համաշխարհային մրցանիշը կը պատկանի բերդապահ Իսաաք Հայիքի (Իսրայէլ), որ 2019-ի դաշտ ներկայացաւ Դ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին, 73 տարեկան հասակին: