Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Մենք Փափաք Չունինք Կառավարութեան Մաս Կազմելու, Բայց Պիտի Դիւրացնենք Անոր Կազմութիւնը Եւ Պիտի Համագործակցինք»

Սեպտեմբեր 14, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ այն ծրագիրներուն մասին, որոնք չիրականացան, եւ անոնց չիրականացումը ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ժողովուրդին կեանքին վրայ, ինչպէս` Պըսրիի ամբարտակի ծրագիրը: Ան աւելցուց, որ հերոսը ոչ թէ ճամբաները փակողն է, ոչ թէ պետութիւնը քանդողն է, այլ` կառուցողը, յայտնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը վճարէ ամբողջ ժողովուրդին գինը:

«Ինչո՞ւ մենք թիրախաւորուած ենք: Մեր արժանապատուութիւնը հարուած կը ստանայ, երբ մեզմէ մէկուն նկատմամբ պատժամիջոցներ կը սահմանուին, երբ մեր մասնիկներէն մէկը կը հարուածուի, մենք նաեւ կը զգանք, որ մեզի հարուածած են», ընդգծեց Պասիլ:

Անդրադառնալով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, Պասիլ դիտել տուաւ, որ հետաքննութեան եւ վերաշինութեան վերաբերող բացթողումները կը շարունակուին, եւ դատական համակարգը պէտք է աճապարէ արդար վճիռ արձակելու եւ չենթարկուի ամբոխահաճութեան եւ ընկերային ցանցերուն, այլապէս` ժողովուրդը իրաւունք կ՛ունենայ միջազգային հետաքննութիւն պահանջելու: Պասիլ նշեց, որ կառավարութիւնը, Պէյրութի քաղաքապետը եւ քաղաքապետարանը պարտաւոր են պահանջուած արագութեամբ աշխատելու նախքան ձմեռնամուտը, այլապէս` ժողովուրդը իրաւունք կ՛ունենայ պահանջելու նոր քաղաքապետարան, որ կը բաւարարէ իր պահանջները:

Անդրադառնալով ֆրանսական նախաձեռնութեան` Պասիլ յայտնեց, որ կուսակցութիւնը համաձայն է ատոր, ո՛չ միայն այն պատճառով, որ Ֆրանսան բարեկամ երկիր է, եւ նախագահ Մաքրոն ամբողջական սէր, կարեկցանք եւ մղում ցուցաբերեց, այլ այն պատճառով, որ ատիկա միակ տրամաբական եւ գործնական լուծումն է Լիբանանը փրկելու: Ան նշեց, որ իրենք այս լուծումին համաձայն են իր ընդհանուր գիծերուն մէջ, որովհետեւ անիկա կը մարմնաւորէ իրենց կուսակցութեան համոզումը եւ պահանջները: Պասիլ բացատրեց, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը իր առաջին փուլին համար համաձայնութիւն ստացաւ բոլոր մասնակիցներուն կողմէ, եւ ատիկա կը ներառէ երեք կէտեր. առաջին` 3 ամսուան վրայ երկարող բարեկարգումներու ծրագիր, երկրորդ` կազմել «կարեւոր» կառավարութիւն` բաղկացած կարող նախարարներէ, որպէսզի գործադրուի այս ծրագիրը, եւ երրորդ` միջազգային համաժողով Փարիզի մէջ Լիբանանին եւ անոր բարեկարգումներուն աջակցութիւն ապահովելու:

Պասիլ նշեց, որ կան արտաքին ուժեր, որոնք կ՛ուզեն ֆրանսական նախաձեռնութիւնը խանգարել, որովհետեւ ունին քաղաքական օրակարգեր, որոնք կը նպատակադրեն քաոս ստեղծել շրջանին մէջ: Ան զարմանք յայտնեց, որ կան նաեւ ներքին ուժեր, որոնք կ՛ուզեն խանգարել այս նախաձեռնութիւնը` տարբեր պատրուակներով, մինչ լիբանանցիները ատիկա կը պահանջեն, քանի որ օգտակար պիտի դառնայ երկրին եւ տնտեսութեան: Պասիլ աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը առաջարկներ տուած է ֆրանսական նախաձեռնութեան եւ զայն ընդունած է, քանի որ կը համընկնի իրենց գաղափարներուն, որոնք հիմնականին մէջ ներառուած են կուսակցութեան փրկութեան նախաձեռնութեան մէջ:

Պասիլ բացատրեց, որ կուսակցութեան փրկութեան նախաձեռնութիւնը համոզումի արդիւնք է, որ տագնապէն դուրս կարելի է գալ միայն համակարգի քաղաքական բարեկարգումով եւ ներկայ համակարգի տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումով, ինչ որ փոփոխութեան մեծ ծրագիր է, որ պիտի կատարուի 5 փուլերով, եւ անոր  առաջնահերթութիւնը ելեւմուտքի եւ տնտեսական կացութեան բարելաւումն է: Ան յայտնեց, որ իրենք այս ծրագիրը ներկայացուցած են նախագահ Աունին եւ նախագահ Մաքրոնին, եւ անհրաժեշտ նկատեց այս իմաստով բոլոր կողմերուն համագործակցութիւնը:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահը նաեւ բացատրեց, որ կուսակցութեան նախաձեռնութիւնը իր քաղաքական երեսով կը ներառէ Լիբանանը չէզոքացնելու հարցը` երկխօսութեան միջոցով, իսկ տնտեսական երեսով` ցամաքէն եւ ծովէն կազ եւ քարիւղ արտահանելու գործի արագացումը եւ ցամաքային ու ծովային սահմանագծումը:

Պասիլ նշեց, որ լիբանանցիներուն մէկ մասը կը հասկնայ Հըզպալլայի ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ, բայց Հըզպալլա սկսած է մտածել Սուրիայէն վերադարձին եւ ատոր պայմանները ապահովելու մասին, եւ մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, պէտք է հասկնանք եւ սատար կանգնինք այս որոշումին:

Անդրադառնալով սահմանագծումի թղթածրարին` Պասիլ նշեց, որ խօսքը կը վերաբերի երկու կէտերու. Լիբանանի իրաւունքները եւ շահը: Լիբանանի իրաւունքները քննարկման առարկայ չեն, եւ կը պահպանուին երկրին ինքնիշխանութիւնը եւ աղբիւրները, իսկ շահը` ատիկա քննարկման առարկայ է կողմերուն միջեւ, եւ պէտք է վերջնական արդար սահմանագծում կատարուի:

Պասիլ անդրադարձաւ նաեւ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին: Ան նշեց, որ երբ կուսակցութիւնը կ՛ըսէ, որ «նախապայման չունի», ատիկա կը նշանակէ, որ կառավարութեան իրենց մասնակցութիւնը նախապայման չէ անոր աջակցելու, աւելի՛ն` իրենք փափաք չունին մաս կազմելու կառավարութեան: «Շատեր անհրաժեշտ կը նկատեն մեր մասնակցութիւնը կառավարութեան եւ կ՛ըսեն, թէ կարելի չէ առանց մեզի կառավարութիւն կազմել, եւ մենք կը պատասխանենք, որ հանրապետութեան նախագահը իր ներկայացուցչութեամբ եւ իր ուխտով մեր տեղը կը գոցէ, ինչպէս նաեւ կը գոցէ կառավարութեան տեղը եւ մեզի կը փոխարինէ այս իւրայատուկ պայմաններուն մէջ»:

«Մենք չենք մասնակցիր կառավարութեան, բայց կ՛օգնենք բարեկարգումները կատարելու, կը հետեւինք եւ կ՛օգնենք խորհրդարանէն: Ի դէպ, ոչ ոք գիտէ, թէ մենք որքա՛ն ջանք կը թափենք խորհրդարանին մէջ գոյութիւն ունեցող օրէնքները վաւերացնելու համար», ընդգծեց Պասիլ:

Պասիլ նշեց, որ կուսակցութիւնը պիտի դիւրացնէ կառավարութեան կազմութիւնը եւ օգտակար պիտի դառնայ անոր առաքելութեան յաջողութեան` միաժամանակ զգուշացնելով վտանգներէն: Ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ կը պնդուի մէկ կողմէ բաղկացած կառավարութեան կազմութիւնը` առանց ոչ ոքի հետ խորհրդակցութեան` «Մասնագէտներու կառավարութիւն` առանց կուսակցական հաւատարմութեան եւ արտաքին միջամտութիւն» խորագիրին տակ:

Պասիլ յայտնեց, որ կուսակցութիւնը կ՛աջակցի նախարարութիւնները ստանձնելու առումով հերթափոխութեան գաղափարին, բայց հարց չի նկատեր, որ համայնք մը նոյն նախարարութիւնը ստանձնէ քանի մը անգամ:

 

 

Նախորդը

Պշարա Ռայի Պատրիարքը ՄԱԿ-էն Պահանջեց Լիբանանեան Իշխանութիւններուն Նկատմամբ Հետաքննութիւն Պարտադրել

Յաջորդը

Պըրրիի Տեղեկատուական Գրասենեակ. «Վարչապետ Ատիպին Յայտնեցինք, Որ Մենք Չենք Փափաքիր Կառավարութեան Մաս Կազմել»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?