Կազմակերպութեամբ՝ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի, կիրակի, 13 սեպտեմբերին, «Ար. Փի. Էմ. »-ի վազքուղիին վրայ (Մթէյն), տեղի պիտի ունենայ «Սփիտ-Թեսթ»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումը:
Կազմակերպիչ ակումբը յայտնեց ըսելով, որ արձանագրութիւնները, որոնք արդէն իսկ սկսած են Քասլիքի անոր ակումբին մէջ, կը շարունակուին նաեւ այսօր, մինչեւ ժամը 16:00, որմէ ետք որեւէ արձանագրութիւն պիտի չկատարուի:
Մասնակցողներուն վերջնական ցանկը պիտի յայտարարուի, վաղը՝ շաբաթ, ժամը 13: 00-ին:
Մրցումները, որոնք պիտի սկսին կիրակի օր ժամը 8:30-ին, պիտի աւարտին ժամը 13: 00-ին, որմէ անմիջապէս ետք, կազմակերպիչ ակումբը պիտի կատարէ մրցանակաբաշխութիւնը: