Եւրոպական Միութիւնը վճռականօրէն կը դատապարտէ Պիելոռուսիոյ մէջ քաղաքական դրդապատճառներով ձերբակալութիւնները եւ կը սպասէ բոլոր ձերբակալուածներու անյապաղ ազատ արձակման: Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելի յայտարարութեան մէջ:
«Մենք վճռականօրէն կը դատապարտենք Պիելոռուսիոյ մէջ քաղաքական դրդապատճառներով նախագահական ընտրապայքարի սկիզբէն շարունակուող անհիմն եւ անբացատրելի ձերբակալութիւններն ու կալանաւորումները», նշուած է Պորելի յայտարարութեան մէջ:
«Եւրոպական Միութիւնը Պիելոռուսիոյ իշխանութիւններէն կ՛ակնկալէ անյապաղ ազատ արձակել բոլոր քաղաքական բանտարկեալները», ընդգծած է Պորել:
Անոր համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը պատժամիջոցներ պիտի հաստատէ այն անձերուն դէմ, որոնք պատասխանատու են «բռնութեան, ճնշումներուն եւ ընտրութեան արդիւնքի կեղծման համար»:
Պիելոռուսական ընդդիմութեան համակարգող խորհուրդը երկուշաբթի օր յայտնած էր խորհուրդի երեք ներկայացուցիչներու անհետացման մասին: Խօսքը նախագահութեան անդամ Մարիա Քոլեսնիքովայի, գործադիր քարտուղար Իւան Քրաւցովի եւ մամլոյ քարտուղար Անթոն Ռոտնենքովի մասին է:
Մինչ այդ, պիելոռուսական որոշ լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ անյայտ անձեր 7 սեպտեմբերին Քոլեսնիքովան առեւանգած են Մինսքի Ազգային գեղարուեստական թանգարանին մօտէն` զինք նստեցնելով փոքր փոխադրակառքի մէջ:
Աւելի ուշ, Պիելոռուսիոյ իրաւապահները սկսած էին ընդդիմութեան համակարգող խորհուրդի նախագահութեան անհետացած անդամ Մարիա Քոլեսնիքովայի որոնումները, երբ անոր հարազատները վերջինիս անհետացման մասին դիմում ներկայացուցած էին ոստիկանութեան:
Նշենք, որ Պիելոռուսիոյ սահմաններու մարմինի բանբեր Անթոն Փիչքովսքի երէկ յայտարարեց, որ Մարիա Քոլեսնիքովան գիշերով Ուքրանիա անցնելու փորձի ընթացքին ձերբակալուած է, իսկ ընդդիմութեան համակարգող խորհուրդի միւս երկու անդամները` Անթոն Ռոտնենքովն ու Իւան Քրաւցովը յաջողած են անցնիլ Ուքրանիա:
«Քոլեսնիքովան կալանաւորուած է եւ հետաքննութիւն կը կատարուի իրաւական գետնի վրայ գնահատելու համար կացութիւնը», ըսաւ ան:
Յիշեցնենք, որ Պիելոռուսիոյ մէջ բողոքի ցոյցերը 10 օգոստոսէն ի վեր չեն դադրած: Երկրին քաղաքացիները իրենց դժգոհութիւնը կը յայտնեն 9 օգոստոսին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան արդիւնքէն, որուն համաձայն, յաղթող ճանչցուած է գործող նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն` ստանալով քուէներուն 80 առ հարիւրը: