Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քուշներ Կը Շարունակէ Իր Շրջապտոյտը` Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Ջատագովող

Սեպտեմբեր 3, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի աւագ խորհրդական Ճարետ Քուշներ երէկ շարունակեց Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը ջատագովող իր շրջապտոյտը եւ Պահրէյնէն ուղղուեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամետ պըն Սալմանի հետ:

Սէուտական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հանդիպումին ընթացքին շեշտուած է պաղեստինեան եւ իսրայէլեան կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը:

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը Քուշների հետ նաեւ քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերութեան ամրապնդումը, ինչ որ կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ` միջազգային անվտանգութեան ու խաղաղութեան ամրապնդման:

Մինչ այդ, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան պըն Ապտալլա երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Քուէյթ:

Քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթը նշեց, թէ սէուտական դիւանագիտութեան պետը Քուէյթի գահաժառանգ Նաուաֆ Ահմատ իշխանին պիտի յանձնէ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտալլա թագաւորին նամակը:

Աղբիւրներ նշեցին, թէ նամակը կը վերաբերի տարածաշրջանին մէջ առկայ կացութեան, ինչպէս նաեւ շրջանի անվտանգութեան ու տնտեսական մարտահրաւէրներուն:

«Քապաս» օրաթերթը նախապէս հաղորդած էր, թէ քուէյթեան կառավարական աղբիւրներ յայտնած են, թէ իսրայէլեան օդանաւերուն բացարձակապէս պիտի չարտօնուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ հասնելու համար անցնիլ քուէյթեան օդային տարածքէն:

Աղբիւրները նշեցին, թէ Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ բացուած օդային ուղին չ՛անցնիր Քուէյթի օդային տարածքէն, այլ Քուէյթէն բոլորովին հեռու մէկ այլ տարածքէ:

 

Նախորդը

«Թել Աւիւի Եւ Ապու Տապիի Միջեւ Ուղղակի Թռիչքները Մեծ Աւետիս Են Եւ` Խաղաղութեան Արդիւնք» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Յաջորդը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ-Իսրայէլ Համաձայնագիրի Ստորագրութիւնը` 18 Սեպտեմբերին, Սպիտակ Տան Մէջ

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?