Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յետսապահ՝ Հայկ Իշխանեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Գանձասար-Կապանի հետ, այս գծով յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
31 տարեկան Իշխանեան, որ արդէն իսկ բաւական մեծ փորձառութիւն ունի կապանեան խումբին հետ, անոր հետ ստորագրեց մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը:
Նախքան իր նոր ակումբին միանալը, ան մաս կը կազմէր Ալաշկերտի:
Նշենք, որ անոր հետ միասին Գանձասար-Կապան տեղափոխուեցաւ, փորթուգալցի Տիեկօ մանուէլ Կոնցալես Քոյելօ (Լոռիէն), դարձեալ մէկ տարուան համաձայնագիրով մը: