Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Տեմեթրիս Սիլուրիս յայտնած է, որ մտահոգ է Հայաստան- Ազրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցող բախումներով: Այս մասին խորհրդարանի նախագահը գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ:
«Մտահոգ ենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցող զարգացումներով եւ նոր բախումներով: Մենք կը սատարենք հայ ժողովուրդին եւ յոյսով ենք, որ տագնապը կը լուծուի բացառապէս խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով», գրած է Սիլուրիս: