29 յունիսին Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի ընդհանուր 25.127 դէպք, որոնցմէ 13.297-ը` ապաքինած: Մէկ օրուան ընթացքին վարակուածներուն թիւը աւելցած է 482-ով, իսկ մահերունը` 7-ով:
Ներկայիս ժահրէն կը բուժուին 11.254 անձեր, իսկ ընդհանուր առմամբ կատարուած է 110.571 քննութիւն:
Ընդհանուր առմամբ, այս հիւանդութենէն մահացած է 433 անձ: