Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւածագ

Մարտ 25, 2020
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մ. Խ.

Պէտք է հայ ազգը գիտակցի, թէ չի նմանիր ուրիշ ազգերու, չի կրնար ուրիշ ազգերու պէս հանգիստ եւ անհոգ կեանք ապրիլ, որովհետեւ ան դատ ունեցող ժողովուրդ է: Ժողովուրդ մը, որ կþապրի հեռու իր հողերէն, ժողովուրդ մը, որ ջարդուած եւ տեղահանուած է, ինչպէ՞ս լռէ, ինչպէ՞ս հանգիստ խղճով քնանայ. մեր ստեղծած ներքին վրէժի կրակը պէտք է նեղացնէ մեզ եւ ուղղէ դէպի պայքար, որովհետեւ մենք պարտական ենք մեր հողերուն, պապերուն եւ ազգին: Պահ մը մտածենք՝ արդեօք մեր պապերը հպարտ պիտի ըլլայի՞ն մեզմով:

Հայ ակումբը պէտք է ունենայ նոյնքան արժէք՝ երկրի կայուն թէ անկայուն վիճակին մէջ: Հայ երիտասարդը պէտք է գործէ անկէ ներս թէ դուրս՝ զոհելով իր հաճոյքի պահերը, բայց հարցումը այն է՝ թէ «բաւարա՞ր» է անոր տարած աշխատանքը: Ո՛չ բաւարար չէ: Երիտասարդը պէտք է ըլլայ աւելի վճռակամ եւ ազդեցիկ, պէտք չէ բաւարարուի անցեալի փառքերով: Միթէ՞ մեր կուսակցութեան դաւանած նպատակները իրականացնելու ճամբուն վրա՞յ ենք:

Այնքան ատեն որ մեր երազանքները կը մնան անկատար, ուրեմն պարտուած ենք: Մարդ ինչպէ՞ս հանգիստ ապրի, երբ անդադար պարտուած է: Եթէ մեր սովորական գործելակերպը կատարեալ չէ, ապա զինուինք արդիական նոր միտքերով, չբաւարարուինք լոկ հայապահպանութեամբ, դիմենք միջոցներու, որոնք մեզ աւելի կը մօտեցնեն մեր երազած Հայաստանին, առհասարակ կրկնուող գործընթացով նոր յաջողութիւններ ի յայտ չեն գար:

Եթէ պահ մը Լիզպոնի տղաքը մեզի հետ ըլլային, պիտի գոհանայի՞ն մեր ձեռք բերած արդիւնքներով կամ մեր տարած ճիգերով: Չպաշտենք երեւոյթը, այլ՝ աշխատանքը, չտարուինք խօսքերով, այլ՝ գործերով: Նոյնիսկ եթէ մեր առօրեան ակմբային կեանքէն ներս է, այս ձեւով մենք ոչ մէկ բան կþաւելցնենք մեր իղձերը իրականացնելու ընթացքին վրայ։ Արդեօք ի՞նչ է այս բոլորին օգուտը: Ըլլանք պատասխանատու երիտասարդներ՝ ի մտի ունենալով Բեկորի խօսքը, որ կþըսէ. «Իւրաքանչիւր հայ պէտք է զգայ, որ առանց իրեն հայրենիքը կը փլի»: Մենք մեր անձը ընդհանրապէս «հայրենասէր» կը կոչենք՝ Արցախի սահմանին վրայ նահատակուած հերոսի մը նկարը բաժնելով մեր ընկերներուն հետ կամ հայրենասիրական երգեր երգելով: Բայց լաւ կþըլլայ ընդունինք, թէ «հայրենասիրութիւն»-ը  բարդ բառ է, աժան բառ մը չէ, ամէն մարդ չէ, որ կրնայ կրել զայն, անիկա կը կարօտի շարունակական աշխատանքի:

Արթննա՛նք, դիմենք աւելի արդիւնաբեր ձեւերու, որովհետեւ դեռ երիտասարդ ենք եւ պէտք է առաւելագոյն չափով օգտուինք մեր ունեցած կարողութիւններէն։ Քանի որ ունինք գաղափարական եւ յեղափոխական երիտասարդներ, չապաւինինք ապագայ սերունդներուն, տեսնենք մեր երազած Հայաստանը՝ արդիւնքը մեր աշխատանքին:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն Թիւ 7

Յաջորդը

Արագ Հոսանքին

RelatedPosts

Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Մեր Խօսքը

Ապրիլ 24, 2025
Վերադարձի Պահը Հասած Է
Զաւարեանական

Վերադարձի Պահը Հասած Է

Ապրիլ 24, 2025
Պայքարով Կերտուած Կեանք Մը
Զաւարեանական

Պայքարով Կերտուած Կեանք Մը

Ապրիլ 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?