Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Փետրուար 18, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Անթիլիասէն Երեք Երիտասարդ
Միաբան Հայրեր Մեկնեցան Վատիկան

15 փետրուարին, Արամ Ա. կաթողիկոսին տնօրինութեամբ, երեք երիտասարդ միաբան հայրեր` Յովհաննէս վրդ. Սաղտճեան (առաջնորդական փոխանորդ հիւսիսային Յունաստանի), Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան (տեսուչ «Կիլիկիա» թանգարանի), Զարեհ վրդ. Սարգիսեան (վարիչ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին) մեկնեցան Վատիկան` ընդառաջելով Վատիկանի միջքրիստոնէական յարաբերութեանց բաժանմունքի հրաւէրին: Հայր սուրբերուն կը միանայ Հռոմի մէջ ուսանող Պսակ վրդ. Թէփիրճեան:

Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ տեղի ունեցող աստուածաբանական յանձնախումբը որոշած էր, որ յաջորդաբար Կաթողիկէ եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներ կազմակերպեն փոխադարձ այցելութիւններ իրենց երիտասարդ հոգեւորականներու, որպէսզի աւելի մօտէն ու ամբողջական կերպով ճանչնան զիրար: Հետեւաբար արեւելեան եկեղեցական ընտանիքին պատկանող իւրաքանչիւր եկեղեցիէն երեք երիտասարդ հոգեւորականներ յառաջիկայ 10 օրերու ընթացքին Վատիկանի մէջ այցելութիւններու եւ հանդիպումներու ճամբով առիթը պիտի ունենան աւելի մօտէն ծանօթանալու Վատիկանի աշխատանքներուն ու Կաթոլիկ եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

Գերմանիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ
Ներկայացուցիչները  Անթիլիասի  Մէջ

Ուրբաթ, 14 փետրուար 2020-ին վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Գերմանիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` առաջնորդութեամբ Ուտօ Պենտզ եպիսկոպոսին: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի  ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Սուրայեա Պաշաալանի եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Սեդա Խտըշեան:

Այցելութեան նպատակն էր ծրագրել Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու այցելութիւնը Գերմանիա, որպէսզի եկեղեցիներն ու ընդհանրապէս ժողովուրդը մօտէն տեղեակ դառնան շրջանի քրիստոնէութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու ապագայի հեռանկարներուն մասին: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց Գերմանիոյ կաթողիկէ  Եպիսկոպոսական խորհուրդին ցուցաբերած մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան նկատմամբ` միաժամանակ շեշտելով, որ Եպիսկոպոսական խորհուրդի բարձրաստիճան կարտինալներէ ու եպիսկոպոսներէ բաղկացած պատուիրակութեան մը այցելութիւնը Միջին Արեւելք աւելի խոր նշանակութիւն պիտի ունենայ ու յստակ պատգամ մը պիտի փոխանցէ ներքին թէ արտաքին իմաստով, քան` հոգեւոր պետերուն այցելութիւնը Գերմանիա: Վեհափառ հայրապետը իր այս մօտեցումը աւելի հիմնաւորեց` լայն բացատրութիւններ տալով: Ներկաները համոզիչ գտան կաթողիկոսին մօտեցումը:

Հանդիպումը առիթ եղաւ անդրադառնալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան, հայրապետին Վատիկան կատարած յաճախակի այցելութիւններուն, ինչպէս նաեւ` Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրօնական
Ժողովը Քննարկեց Կրօնական Բնոյթի Այժմէական Հարցեր

Շաբաթ, 8 փետրուար 2020-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական ժողովի հանդիպումը:

Ժողովական հայրեր յաջորդաբար քննարկեցին` քրիստոնէական դաստիարակութեան, քահանայից պատրաստութեան, դպրեվանքի, Հիւսիսային Ամերիկայի համալսարանականներու յատուկ դասընթացքին, միջեկեղեցական ու միջկրօնական հանդիպումներու ու աշխատանքներու, վանաբնակ երիտասարդ միաբաններու յատուկ դասընթացքի, Սուրբ Գրոց թարգմանութեան, Հայրապետական ու Հանրապետական մաղթանքներու բարեփոխութեան, վեհափառին գահակալութեան 25-ամեակին, յառաջիկայ միաբանական ժողովին, նուիրապետական աթոռներու հետ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ` այլ այժմէական հարցերու առնչուած աշխատանքներ ու ծրագիրներ: Վերոյիշեալ օրակարգի նիւթերու շուրջ տրուեցան զեկոյցներ ու  տրուեցան համապատասխան որոշումներ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի
Արեւելեան Ուղղափառ Եւ Կաթողիկէ  Եկեղեցիներու
Աստուածաբանական Երկխօսութեան Հանդիպումին

26 յունուարէն 1 փետրուար 2020-ին Աթշանէի  Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ կայացաւ Արեւելեան ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու երկխօսութեան միջազգային աստուածաբանական յանձնախումբի 17-րդ հանդիպումը: Ներկայ հանդիպումին նիւթն էր` «Եկեղեցւոյ խորհուրդներու աստուածաբանական հիմքերը»: Յանուն Ս. Էջմիածնի կաթողիկոսութեան` ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Խաժակ արք. Պարսամեանն ու Շահէ ծ. վրդ. Անանեանը, իսկ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` Մակար եպս. Աշգարեանն ու Պօղոս վրդ. Թինքճեանը:

Յանձնախումբին յառաջիկայ տարուան հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 24-30 յունուարին, Վատիկանի մէջ, ուր պիտի քննարկուին եկեղեցական երկու ընտանիքներուն մէջ Ս. Մարիամ Աստուածածնին առնչուող աստուածաբանական հարցերն ու խնդիրները:

Նախորդը

Ակնարկ . Էրտողան Պաշտպան` Ահաբեկչական Ուժերու

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Թուրքիոյ Նախագահին Ապատեղեկատուական Մոլուցքը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?