Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին յատուկ բանակում մը կատարելու համար Անսարի ֆութպոլի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Քաթար` պատրաստուելու համար Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուելիք մրցումներուն:
Մայրաքաղաք Տոհայի մէջ երէկ յետմիջօրէին Անսար կատարեց ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը` տեղւոյն կազմերէն Պատըհի դէմ:
Մրցումը վերջ գտաւ լիբանանեան կազմին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով:
46-րդ վայրկեանին Հասան Մաաթուք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը: Այս կոլէն 5 վայրկեան ետք, նոյնինքն Մաաթուք արդիւնքը վերածեց 2-0-ի` նշանակելով օրուան երկրորդ եւ վերջին կոլը: