Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞ւր Կը Փնտռենք Ծնունդը

Յունուար 6, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

Պահ մը երեւակայենք, որ աշխարհի ամենագեղեցիկ պատմութիւնը` Ծնունդի պատմութիւնը, բնաւ չենք լսած եւ դեկտեմբեր 22-ին վաճառատուն մը այցելեցինք: Կը լսենք տարբեր երաժշտութիւն, կը տեսնենք խուճապի մատնուած մարդիկ, որոնք առատ գնումներ կ՛ընեն: Յորդառատ եւ չափազանցուած զարդարանք:

Արդեօք ի՞նչ եզրակացութեան կու գանք այսպէս յոգնած մարդիկ տեսնելով: Ի՞նչ առիթ է այս, որ այսքան կը սպառէ: Ու կը կարդանք «Ծնունդի պատմութիւնը» եւ ոչ մէկ կապ կը գտնենք նախորդ պատկերին հետ:

Տարբեր պատկեր մըն ալ կ՛ուզեմ պարզել: Մինչ տօնական մթնոլորտը կը տիրէ ամէն տեղ, եւ մարդիկ աշխարհի տարածքին արդէն պատրաստութիւններ կը տեսնեն Ծնունդը դիմաւորելու: Այս տարի Լիբանան տարբեր մթնոլորտ մը կ՛ապրի. երկրի յեղափոխական իրավիճակը եւ տնտեսական ահաւոր տագնապը լիբանանցիին կը պարտադրեն զրկուածութեան զգացում, դժուար իրավիճակ եւ տխուր մթնոլորտ:

Բոլոր անոնք ալ, որոնց տօնական պիւտճէները թոյլ կու տային որոշ յատկացում կատարել աւելի նուազ ընտանիքներու, այդ ալ պիտի չկարենան իրագործել որոշ չափով այս տարի, որովհետեւ իրենք ալ նեղութեան մատնուած են:

Բայց արդեօ՞ք մեր մտապատկերը Ծնունդի եւ Ծննդեան մթնոլորտին կը նշանակէ ճոխութի՞ւն, կերուխո՞ւմ, նուէրնե՞ր: Արդեօ՞ք ծնունդը պայմանաւորուած է լեցուն գրպաններով դիմաւորել ճոխ սեղաններու եւ հաւաքոյթներու շուրջ: Ծնունդի մթնոլորտը այդ չէ՞:

Հաւանաբար պիտի ըսէք, որ բացարձակապէս այդպէս չէ, այլ պարզապէս սովորութիւն դարձած է, եւ մեր ուղեղները պայմանաւորուած են, թէ այնքան ատեն որ մեր գնելու կարողութիւնը կայ, ուրեմն ամէն բան լաւ է եւ ամէն բան ապահով է, հետեւաբար կրնանք լաւ Ծնունդ մը անցընել:

Նախորդ տարիներուն Ծնունդի պատկերը յաճախ այսպէս խճողուած պատկեր մըն էր: Նախ` տօնական հաւաքոյթներու գովազդներ, ճոխ սեղաններ պատրաստելու մտապատկեր, հաւանաբար` նոր ճաշացուցակներով, անհամար գնումի եւ շուկայ երթալու կարիք եւ լաւագոյն նուէրները գնելու փափաք:

Ասիկա մէկ տեսակի խճողուածութիւնն էր: Կային նաեւ տարբեր տեսակի խճողուածութեան զգացումներ, ինչպէս` ճնշուածութեան, վատ յարաբերութիւններու, ընտանիքի մէջ անհամաձայնութիւններու, բաժանումի վախերու, գործի առիթներ կորսնցնելու, նիւթական դժուարութիւններու, առողջական մտահոգութիւններու, ինչպէս նաեւ յիշատակներ` նախորդ Ս. Ծննդեան տօներէ` ըլլան անոնք քաղցր յիշատակներ կամ վատ:

Այս տարի ի՞նչն է, որ պիտի խճողէ Ծննդեան տօնը: Ո՞ւր պիտի գտնենք Ծնունդի իսկական իմաստը. ճոխ եւ ուրախ հաւաքոյթներո՞ւ մէջ, նիւթական ապահովութեա՞ն մէջ, թէ՞ ինքնաբաւութեան եւ անձնակեդրոն չապրելու միտումին մէջ:

Այսօր ո՞ւր կը նայինք:

Գերմանիա նոր գաղթած կին մը այսպէս կը պատմէ.

«Մինչ խոհանոցը աշխատած ժամանակս ձայնասփիւռէն լուրերը մտիկ կ՛ընէի, հաղորդուեցաւ, որ նաւ մը, որ պանիր բեռցած էր եւ Գերմանիա կ՛ուղղուէր, ընկղմած է: Անմիջապէս մտածեցի շուկայ երթալ եւ քանի մը կաղապար պանիր գնել` այն մտահոգութեամբ, որ պանիրը կրնար պակսիլ շուկայէն որոշ ժամանակի մը համար: Այսպէս շուկայ գացի եւ գնեցի ունեցած պէտքէս շատ աւելին եւ գոհունակութեամբ շտապեցի տուն վերադառնալ: Վերադարձիս ճամբուն վրայ հանդիպեցայ գերմանացի բարեկամուհիի մը եւ կանգ առի, որպէսզի թելադրեմ իրեն ալ, որ երթայ ու պանիր գնէ, եւ անմիջապէս ըսի. «Լսեցի՞ր, պանիր բեռցած նաւ մը ընկղմած է»:  Գերմանուհին ըսաւ. «Այո՛, լսեցի, երէկ 2 կաղապար պանիր գնած էի, իսկ հիմա կ՛ուզեմ վերադարձնել մէկ հատը: Հաւանաբար պիտի սպառի, եւ վստահաբար պէտք ունեցողներ պիտի  ըլլան»:

«Այս որ լսեցի, հիասթափուեցայ և ուզեցի պանիրներու տոպրակս անմիջապէս իրմէ պահել: Ես իմ անձնակեդրոն, անձս մտածելու ետեւէ էի, իսկ այս կինը կը մտածէր ուրիշներու մասին: Որքա՜ն տարբեր կեցուածք` բաժնեկցելու, կարեկցելու եւ անձնակեդրոն չապրելու»:

Այսօր այնքան մեր սիրտը ուրախ է, երբ կը տեսնենք բարի կամեցողութեամբ լիբանանցիք ձեռք կ՛երկարեն կարեկցելու, բաժնեկցելու սիրով եւ բարի Ծնունդ մաղթելու իրենցմէ նուազ բախտաւոր հայրենակիցներու, աղօթելով եւ յուսալով, որ գալիք տարին իրեն հետ բերէ ամենայն բարիք: Թող այս տարուան մեր նուէրները նիւթականէն վեր ըլլան, եւ մենք կարենանք նուիրել տարբեր ձեւով: Եկէք, նուիրենք հակառակորդի մը` հանդուրժողութիւն, բարեկամի մը` մեր սիրտը, կարօտեալին` ծառայութիւն, բոլորին` ազնուութիւն, իսկ իւրաքանչիւր մանուկի` լաւ օրինակ մը:

ԲԱՐԻ ԾՆՈԻՆԴ

 

 

Նախորդը

Սրտի Խօսք

Յաջորդը

Զօրակցութիւն` «Ազդակ» Օրաթերթին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?