Դաշնակցութեան օրուան յիշատակումը տօնական հանդիսութիւններու սահմաններէն դուրս հանելով, հայկական մեր կեանքին դաշնակցականի հայեացքով նայելու, դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան հիմնական տարրերուն գործնականացման հսկելու եւ երիտասարդ տարրը մեր ազգային արժէքներուն հաղորդակից պահելու առիթ պէտք է հանդիսանայ նաեւ, հեռու` գովասանքի ու փառաբանանքի կրկնուող խօսքերէն, որոնք պատմութեան էջերուն մէջ անմահացած են արդէն:
ՀՅԴ գաղափարաբանութեան հիմնական տարրը ազատութիւնն է, մարդ անհատին եւ ազգային մեր հաւաքականութեան ազատ գոյատեւելու իրաւունքը: Ազատութենէն կը ծնին գաղափարաբանութեան մնացեալ տարրերը անկասկած:
Այդ ազատութեան մէջ է, որ կը ծաղկի միտքը, կը զարգանայ քաղաքակրթութիւնը, կը ստեղծագործէ մարդը: Հաւաքականութեան մը ընկերատնտեսական եւ քաղաքական ազատութիւնը եւս հիմքը կը կազմեն անոր զարգացման: Այս իսկ պատճառով մեր երկիրը աշխարհակալութիւններու ազդեցութենէն առաւելագոյնս զերծ պահելու եւ անոր ինքնորոյն զարգացման բացարձակ եղանակը հաստատելու մարտնչումը պէտք է ըլլայ նաեւ ազատութեան համար մղուող պայքարին առաջնային նպատակը:
Մարդուն, քաղաքացիին հիմնական ազատութիւններուն կաշկանդումը ոչ միայն կը դանդաղեցնէ, այլեւ կը խամրեցնէ անոր յառաջընթացը, հետեւաբար նաեւ` երկրին ու ազգին զարգացումը:
Ու եթէ չտքնինք պահպանելու այդ ազատութիւնը ամէն մակարդակներու վրայ, մեր գործով չստեղծենք ազատ զարգանալու եղանակը, ուրեմն թերացած ենք ազատութիւն հասկացողութիւնը լիարժէքօրէն ըմբռնելու իմաստով:
Քաղաքական կեանքի մէջ եւս պէտք է պաշտպանել ազատ գործելու եւ արտայայտուելու իրաւունքը ու չտարուիլ մերթ ընդ մերթ գլուխ ցցող ճնշումներով:
Երկրորդ կարեւոր հրամայականը ազգային մեր արժէքներու պահպանումն է, այլ խօսքով, այդ արժէքներով սնանող երիտասարդութեան ներգրաւումն է:
Ներկայ աշխարհակալութիւնները կը ձգտին ամէն գնով պարպել ազգերը իրենց էութենէն, իրենց արժէքներէն` դիւրաւ տիրելու անոնց ազգային հարստութեան ու տարածելու իրենց ըմբռնումները, իրենց մշակոյթն ու արժէքները, ապա նաեւ իշխելու ոչ թէ սոսկ հողին, հարստութեան, այլ` մարդուն ու անոր մտքին:
Դաշնակցութեան օրուան յիշատակումը պէտք է դառնայ այսպիսի արժէքներու առնչուած երիտասարդութեան ազգային կեանքի մէջ ներգրաւման նոր մեկնարկ մը, թարմ ուժերով համալրելու ՀՅԴ շարքերը ու ժամանակակից գաղափարներու դրօշակիր երիտասարդներուն առջեւ լայն բանալու կուսակցական գործի դաշտը:
Այս բոլորը պատգամներով, լոկ խօսքերով կարելի չէ պահպանել: Գործի լծուելու հրամայականով պէտք է իմաստաւորել տօնի, յիշատակումի իւրաքանչիւր առիթ, ներքին եւ հրապարակային քննարկումներուն դաշտը բաց պահելով:
«Գ.»