Շաբաթ, 7 սեպտեմբեր 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սրահին մէջ, վեհափառ հայրապետին ներկայութեամբ, իւրայատուկ հաւաք մը տեղի ունեցաւ` նուիրուած ձեռագիրներու պահպանման կարեւորութեան ու կարելիութեան: Ներկայ էին միաբան հայրեր, դպրեվանքի սարկաւագներ, թանգարանի յանձնախումբի անդամներ եւ օտար հիւրեր: Հաւաքին յաջորդաբար խօսք առին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ նոյն աշխատանքին լծուած գերմանացի մասնագէտները: Անոնք ներկաներուն պարզեցին ձեռագիրները պահպանելու ազդու միջոցները եւ միաժամանակ կաթողիկոսարանին մէջ իրենց կատարած աշխատանքը:
Յայտնենք, որ այս յոյժ կարեւոր ծրագիրը կը վայելէ Գերմանիոյ կառավարութեան հովանաւորութիւնը` «Աշխարհի մշակութային ժառանգութեան պահպանումը» ծրագիրին ծիրին մէջ, եւ կը կրէ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սիսի կաթողիկոսարանէն փրկուած գանձերու պահպանում. հնատիպերու պահպանում եւ վերանորոգութիւն» վերնագիրը: Ծրագիրը նախաձեռնուած է համագործակցութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Գերմանիոյ մէջ «Հայկական մշակոյթի պահպանութեան ընկերութեան» եւ «Շթութկարթի արուեստի եւ ձեւագծումի ակադեմիոյ պահպանութեան գիտութեան հիմնարկ»-ին:
Վեհափառ հայրապետը, անգլերէնով կատարած իր փակման խօսքին մէջ, գնահատելէ ետք կատարուած լուրջ եւ մասնագիտական աշխատանքը, անդրադարձաւ ձեռագիրներու կարեւորութեան հայ մշակոյթի անդաստանին մէջ: Ան ըսաւ. «Անցեալին մեր պապերը իրենց արեան գնով պաշտպանեցին մեր ձեռագիրները. այսօր մե՛նք պէտք է պահպանենք զանոնք գիտական միջոցներով»: Ապա, ան իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց յիշեալ ծրագիրին նպաստող պետական ու մասնագիտական կառոյցներուն եւ մասնագէտներուն: