Անցեալին թենիսի աղջկանց աշխարհի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող ամերիկացի թենիսվումըն Սերենա Ուիլիըմզ 10-րդ անգամն ըլլալով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը այս կրան շլեմին գծով:
Կիսաւարտականին իր կատարած մրցումին, ան 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ուքրանացի Էլինա Սվիթոլինայի դէմ: Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 1 ժամ 11 վայրկեան:
Աւարտականին ան պիտի մրցի քանատացի Պիանքա Անտրիեսքուի դէմ, որ 7-6 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց զուիցերիացի Պելինտա Պենսիչի դէմ:
Սերենա Ուիլիըմզ, որ այս մրցաշարքին տիրացած է վեց անգամ, նախորդ տարի աւարտականին պարտուեցաւ ճափոնցի Նաոմի Օսաքայէն: