Վարչապետ Սաատ Հարիրի Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ եկած է այցելելու նաւահանգիստ` հետեւելու համար, թէ ի՛նչ կը պատահի այնտեղ:
Ըստ Հարիրիի, Պէյրութի նաւահանգիստը նախապէս 50-էն 100 հազար բեռնարկղ կ՛ընդունէր, մինչ հիմա այդ թիւը հասած է աւելի քան 1 միլիոն բեռնարկղի: Հարիրի նշեց, որ ատիկա կը նկատուի ամէնէն կարեւոր նաւահանգիստներէն մէկը: Վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ նաւահանգիստին համար կազմուած է ժամանակաւոր յանձնախումբ մը, որուն նպատակն է ուսումնասիրել կացութեան բարելաւումը:
Վարչապետ Հարիրի նշեց, որ կան արշաւներ նաւահանգիստին վերաբերեալ, անոնցմէ ոմանք քաղաքական են, իսկ ոմանք` կացութիւնը բարելաւելու համար: Ըստ վարչապետին, պէտք է բարելաւել կացութիւնը, չմնալ ժամանակաւոր յանձնախումբին մէջ եւ սեփական եւ հանրային մարզերուն միջեւ գործընկերութիւն հաստատել:
Հարիրի նշեց, որ ամէնէն կարեւորը արտադրողականութիւնն է, եւ հիմնական շահը պէտք է ըլլայ պետութեան շահը, այլ ոչ թէ անձերու շահը եւ անոնց եկամուտներու բարձրացումը:
Վարչապետը ընդգծեց, որ ինչ որ կը պատահի յարձակում կը նկատուի բոլոր յաջողութիւններուն դէմ, եւ մսխումին պատճառը երկրին մէջ ստեղծուած բաժանումն է:
Հարիրի հարց տուաւ, թէ ինչո՛ւ միայն քննադատութիւններ կ՛ուղղուին յաջողած մարզերուն վրայ, եւ չի քննադատուիր այն հաստատութիւնը, որուն աշխատանքը արդիւնաւէտ չէ: Ան աւելցուց, որ 6 ամսուան ընթացքին պիտի փակուին որոշ հաստատութիւններ, որոնց աշխատանքը արդիւնաւէտ չէ, պէտք է բարելաւել յաջողած հաստատութիւնը, եւ ինչ որ կը պատահի այս երկրին մէջ, պարզապէս յարձակում է առանց լուծումներու առաջարկելու:
Վարչապետը յստակացուց, որ մաքսանենգութեան դէմ պայքարը ժամանակաւոր յանձնախումբին մասնագիտութեան ծիրին մէջ չիյնար, այլ ատիկա պէտք է լուծեն ապահովական ուժերը` աւելցնելով, որ ասիկա իրենց յաջորդ ժողովին նիւթը պիտի ըլլայ:
Հարիրի յայտնեց, որ հիմնական հարցը տնօրինումի հարցը չէ, այլ մաքսային տուրքերու եւ մաքսանենգութեան հարցն է, եւ կան 150 մաքսանենգութեան կէտեր, եւ ոմանք միայն կը խօսին նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած մաքսանենգութեան մասին: Հարիրի հաստատեց, որ հարց կայ, բայց աշխատանք կը տարուի զայն լուծելու համար:
«Ով որ կը փորձէ նաւահանգիստէն մաքսանենգութիւն կատարել, իր դէմը պիտի գտնէ իշխանութիւնը: Եւ ոչ ոք կրնայ պետութեան շահերէն աւելի բարձր շահ ունենալ: Այսօր մենք պէտք է վերականգնենք երկիրը եւ ունենանք զերօ քաղաքական խնդիրներ», շեշտեց վարչապետ Հարիրի: