Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց 14 տարեկանէն վար կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումները:
Իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը 78-71 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Էներժիի դէմ, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Սակայն ՀՄԸՄ-ի կազմը չկրցաւ հասնիլ կիսաւարտական հանգրուան` Չեմփսէն քիչ մը ծանր պարտութիւն մը կրելուն պատճառով` 104-54 արդիւնքով: