Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Օգոստոս ամսուան սկիզբէն հազարաւոր հրդեհներ կ՛այրեն Ամազոնի անտառը: Այս հրդեհները տեղի կ՛ունենան ամէն ամառ, սակայն այս տարի անոնց թիւը յատկապէս շատ է եւ մտահոգիչ:
Սակայն ինչո՞ւ այժմ այսքան հրդեհներ կան Ամազոնի մէջ: Ասոր պատճառը առաջին հերթին անտառահատումն է: Ամազոնի մէջ բազմաթիւ ծառեր կը կտրուին երկրագործներուն կողմէ` դաշտերն ու արտերը ընդարձակելու համար: Ծառերը կը տարուին իբրեւ փայտը օգտագործելու համար, սակայն մնացած արմատները, տերեւները, պզտիկ ճիւղերը տեղւոյն վրայ կը վառեն: Այս միջոցը արագ է եւ յատկապէս` ոչ մեծածախս: Սակայն երբեմն կը պատահի, որ կրակը տարածուի, եւ երկրագործները չկարենան զայն հակակշիռի տակ պահել:
Այս տարի անտառահատումը մասնաւորաբար շատ մեծ ծաւալներով եղած է, յատկապէս` Պրազիլի մէջ: Փաստօրէն այդ երկրին մէջ է, որ կը գտնուի Ամազոնի անտառի տարածքէն կէսէն աւելին: Արդարեւ, չորութեան պատճառով հրդեհները բազմապատկուեցան:
Ասիկա մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ ամբողջ մոլորակին համար: Հրդեհները շատ վտանգաւոր են Ամազոնի 34 միլիոն բնակիչներուն համար: Սակայն ամբողջ աշխարհը ուղղակիօրէն կ՛ազդուի, որովհետեւ ամազոնեան անտառը կենսական դեր ունի կենսոլորտին մէջ: Ան աշխարհի ամէնէն մեծ արեւադարձային անտառն է, եւ շնորհիւ ֆոթոսենթեզին` ան կ՛արտադրէ մեր թթուածինէն մեծ բաժին մը: Այս պատճառով է, որ ան կոչուած է «Մոլորակին թոքը»: Ամազոնեան անտառը կ՛օգնէ նաեւ նուազեցնելու կլիմային տաքնալու երեւոյթը` արտադրելով մթնոլորտը զովացնող գոլորշի: Ասոր կողքին, հոն ապաստան գտած են տեսակաւոր կենդանի էակներ եւ բոյսեր. մեզի ծանօթ տասը կենդանի տեսակներէն մէկը կ՛ապրի Ամազոնի մէջ
Ինչպէ՞ս կարելի է այդ կրակներուն դէմ պայքարիլ: Հազարաւոր զինուորներ գործի լծուած են Պրազիլի եւ Պոլիվիոյ մէջ` օգնելու հրշէջներուն: Սակայն անոնց գործը յատկապէս դժուար է, որովհետեւ Ամազոնը այնքան խիտ եւ ընդարձակ է, որ հրշէջներուն ինքնաշարժները չեն կրնար հասնիլ կարգ մը շրջաններ: Օդանաւեր ալ կը գործածուին ջուր սրսկելու համար բոցերուն վրայ:
Հակառակ այս բոլորին` հրդեհները կը շարունակեն տակաւին իրենց «նուաճումը»…:
Գիտէի՞ր, Թէ…
Ամազոնի այս վայրի անտառներուն մէջ կ՛ապրին 420 բնիկ ցեղախումբեր: Հետեւաբար, երբ այդ ծառերը կ՛այրին, կը փճանայ նաեւ բնակավայրը հոն ապրող հազարաւոր կենդանի էակներուն, ըլլան անոնք մարդ արարածներ կամ անասուններ:
Քաղաքի Մայթերուն Վրայ
Ֆրանսայի Թուլուզ քաղաքի կեդրոնի Պուսքա թաղամասին մէջ անցորդները սկսան ականատես ըլլալ հետաքրքրական երեւոյթի մը: Յանկարծ թաղամասին մայթերուն վրայ սկսան յայտնուիլ կաւիճով գրութիւններ:
Սակայն այս գրութիւնները բարբարոսութեան հետեւանքներ չէին: Անոնք պարզապէս, կաւիճով գրուած, կը նշեն մայթին վրայ աճող բոյսերուն անունները:
Այս տարօրինակ երեւոյթին լուրը շատ շուտ տարածուեցաւ ընկերային ցանցերուն վրայ, եւ մարդիկ ուզեցին գիտնալ, թէ ո՞վ էր այս նախաձեռնութեան հեղինակը: Քանի մը օրուան անորոշութենէ ետք, վերջապէս` Թուլուզի «Մուզէոմ»-ը խոստովանեցաւ, որ ինքն էր պատասխանատուն «ժամանց հայթայթող, սակայն միաժամանակ շատ լրջօրէն գիտական» այս գործին: «Մուզէոմ» աշխատող բուսաբան Պորիս Փեսեք, իր բարեկամ բուսաբան Փիեր Օլիվէի ընկերակցութեամբ, ներշնչուելով արուեստագիտուհի մը աշխատանքներէն, յղացած են այս գաղափարը: Այս քայլը թէ՛ դաստիարակչական է, թէ՛ ալ ստեղծագործական: Այս մայթերուն վրայ եւ անկիւններուն մէջ բուսնող «վայրի խոտերը» երբեմն ունին շատ բանաստեղծական անուններ. անոնք կրնան նաեւ ունենալ բժշկական յատկութիւններ: Այս ծրագրին ընդմէջէն երկու բուսաբանները կրցած են արձանագրել աւելի քան 83 բոյսի տեսակներ` այդ մէկ թաղամասին մէջ:
Վայրի Անտառներու
Աշխարհէն
– Ամազոնի անտառը ունի 5,4 միլիոն քառակուսի քմ տարածք:
– 200 հազար բնիկ հնդիկներ կ՛ապրին Ամազոնի վայրի անտառին մէջ:
– Ամէն տարի Ամազոնի վայրի անտառէն 52 հազար քառակուսի քմ կը փճացուի:
– Վայրի անտառի մը 0,01 քառակուսի քմ տարածքի մը մէջ 1500 ծաղկաւոր բոյսերու տեսակներ կ՛աճին:
– Պորնէոյի հին վայրի անտառներէն մէկը գոյութիւն ունի 130 միլիոն տարիներէ ի վեր:
– Գիտէի՞ր, թէ արեւի լոյսին միայն 2 առ հարիւրը կը հասնի մինչեւ վայրի անտառներուն գետինը: Այս գրեթէ մութ վայրերուն մէջ աճող բոյսերը չեն կրնար ապրիլ պայծառ լոյսին տակ:
– Մեր գործածած դեղերուն 25 առ հարիւր կը պարունակէ նիւթեր` առնուած վայրի անտառներու բոյսերէն կամ անասուններէն:
– Փափուա Նոր Կինէայի վայրի անտառի մէջ կ՛ապրի Փաէտոֆրին ամոնենսիս կոչուած գորտ մը, որուն մեծութիւնը 7,7 մմ է:
– Մեր սպառած ուտելիքներուն 80 առ հարիւրը ծագումով եկած են վայրի անտառներէն` ըլլան անոնք պանան, գետնախնձոր, աւոքատօ, լոլիկ, սեւ պղպեղ, սուրճ եւ շաքար:
– Մեր մթնոլորտին թթուածինին 20 առ հարիւրը կ՛արտադրուի Ամազոնի վայրի անտառին ծառերուն եւ տարբեր բոյսերուն կողմէ:
– Փերուի վայրի անտառէն մէկ ծառի մէջ կարելի է հանդիպիլ մրջիւնի 43 տարբեր տեսակներու:
– Մինչեւ հիմա գիտնականները կրցած են խորունկ կերպով ուսումնասիրել վայրի անտառներու բոյսի տեսակներէն միայն 1 առ հարիւրը:
– Վայրի անտառին մէջ ամէն տարի կ՛իջնէ 254 սմ անձրեւ:
– Ամբողջ տարուան ընթացքին արեւադարձային վայրի անտառի մէջ, միջին հաշուով, ջերմաստիճանը միշտ 27 աստիճան է:
– Գիտնականները կ՛ենթադրեն, որ արեւադարձային անտառի բոյսերէն եւ անասուններէն 137 տեսակներ կը կորսուին ամէն օր:
Ժամանց



