Ինչպէս ծանօթ է, այս շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելին, որ նախորդ տարիներուն նման պիտի ըլլայ հետաքրքրական:
«Ար. Էս. Թիմ» խումբին (չորս ինքնաշարժ) օգնական վարորդներէն մէկն է յորդանանահայ Մուսա Ճիյերեան:
Այս առիթով «Ազդակ» անոր հետ ունեցաւ կարճ, բայց շահեկան զրոյց մը, որուն ընթացքին ան բաժնեց իր կարծիքը այս ռելիին գծով: Ճիյերեան մասնաւորաբար ըսաւ.
«Մեծ ուրախութեամբ կը մասնակցիմ այս ռելիին` նկատի ունենալով, որ անիկա Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան ամէնէն հետաքրքրական ռելին կը նկատուի:
«Նախապէս այլ առիթով ալ մասնակցած եմ այս ռելիին, բայց այս անգամ աւելի լաւ ձեւով պատրաստուած եմ: Յոյսով եմ, որ լիբանանցի վարորդ Հանրի Քահիի հետ շատ լաւ արդիւնք կ՛արձանագրենք:
«Ռելիի աշխարհ մուտք գործեցի երկար տարիներ առաջ: Ատիկա որոշ չափով եղաւ ժառանգական` նկատի ունենալով, որ հայրս Յորդանանի մէջ եղած է ռելիներու ախոյեանութեան հիմնադիրներէն մէկը:
«2006-ին առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցայ Սփիտ-թեսթ-ի: Մասնակցած եմ բազմաթիւ ռելիներու եւ տիրացած շարք մը առաջնակարգ դիրքերու:
«2008-ին մուտք գործեցի ռելիներու աշխարհ եւ եղայ շարք մը վարորդներու օգնական:
«Ճիշդ է, որ ինքնաշարժ վարողը ընդհանրապէս բոլորին ուշադրութեան առարկան կը դառնայ, բայց նշեմ, որ օգնական վարորդին պատասխանատուութիւնը եւ պարտականութիւնը շատ աւելի մեծ են ու դժուար:
«Յամենայն դէպս, Լիբանանի մէջ գտնուելուս համար շատ ուրախ եմ: Ուրախութիւնս աւելի մեծ եղաւ, երբ տեղեակ եղայ, որ հայկական գաղութին ամէնէն կարեւոր թերթերէն մէկն է «Ազդակ»-ը:
«Այս առիթով «Ազդակ»-ին եւ անոր մարզական խմբագիրին կը մաղթեմ յաջողութիւն, մանաւանդ որ այս զրոյցին ընդմէջէն ան զիս ծանօթացուց բոլորին: Շնորհակալութիւն»: