Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց կատարուած մրցումներուն վաւերացուած արդիւնքներն ու շաբաթավերջին կատարուելիք մրցումներուն յայտագիրը:
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումին, կիրակի, 25 օգոստոսին, իրարու դէմ պիտի մրցին Անսար եւ Շապապ Սահել:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 21:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Քամիլ Շամունի անուան Մարզական աւանին մէջ:
Կիսաւարտական մրցումներուն Անսար 5-0 արդիւնքով յաղթեց Շապապ Ղազիէին, իսկ Շապապ Սահել` Ախա Ահլի Ալէին (2-0):
Ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած այլ մրցաշարքին աւարտական խումբերը յստակացան:
Շաբաթ, 24 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ (Ճիւնի) իրարու դէմ կը մրցին Սալամ Զղարթա եւ Պըրժ:
Կիսաւարտականին Սալամ Զղարթա 1-0 արդիւնքով յաղթեց Սաֆային, մինչ Պըրժ` Թրիփոլիին (3-0):
Ֆետերասիոնը վաւերացուց նաեւ երիտասարդներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանի Գ. հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները: Մեծագոյն յաղթականը հանդիսացաւ Ահտ, որ 8-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ժապալ Մաժտալպաանան:
Դ. հանգրուանի մրցումները (թիւով 10) տեղի կ՛ունենան կիրակի, 25 օգոստոսին:
Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Շապապ Ժընահը, որ հանդիսացաւ պիչ ֆութպոլի 2018-2019 տարեշրջանի Լիբանանի ախոյեան` աւարտականին 6-4 արդիւնքով յաղթելէ ետք Պէյրութ խումբին:
Ինչ կը վերաբերի սահմանուած պատիժներուն (երիտասարդներու ախոյեանութիւն), Մոհամետ Նասրէտտին (Ռասինկ), մէկ տարիով կախակայուեցաւ եւ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Պիչ ֆութպոլին գծով «Ռեժի» խումբը հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ, իսկ անոր մէկ մարզիկը` Մոհամետ Սալեհ, երեք մրցումով կախակայուեցաւ: