Չելսիի եւ Փղոսկրեայ Ափունքի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Տիտիէ Տրոկպա շատ հաւանաբար ըլլայ իր երկրի ֆութպոլի ֆետերասիոնին յաջորդ նախագահը:
41 տարեկան Տրոկպա պատրաստած է դեկտեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն մասնակցելու անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, կը յայտնէ «Լ՛Էքիփ»: