Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոմփէօ Ցաւ Կը Յայտնէ Ժիպրալթարի Կողմէ Իրանեան Քարիւղատար Նաւու Նաւարկման Արտօնման Համար

August 21, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ ցաւ յայտնեց Ժիպրալթարի իշխանութիւններուն կողմէ 7 շաբաթներ գրաւուած իրանեան քարիւղատար նաւուն նաւարկման արտօնման համար եւ բրիտանական այդ շրջանի կառավարութեան որոշումը նկատեց «շատ ցաւալի»:

Փոմփէօ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Թեհրանի այդ քարիւղատար նաւուն փոխադրած քարիւղը ծախելը անոր պիտի արտօնէ նպաստել ֆինանսաւորելու իրանեան զինեալ ուժերը, որոնք աշխարհի տարածքին սարսափ ու քանդում տարածեցին եւ ամերիկացիներ սպաննեցին»:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ Ժիպրալթարէն խնդրած էին իրանեան քարիւղատար նաւուն գրաւումը երկարաձգել, սակայն վերջինս մերժած էր այդ խնդրանքը` նշելով, որ Թեհրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները ի զօրու չեն Եւրոպական Միութեան մէջ:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ դէպի Յունաստան նաւարկած իրանեան քարիւղատար նաւուն վերաբերեալ իրենց «ուժեղ կեցուածքը» յայտնած են յունական կառավարութեան:

«Իրանեան քարիւղատար նաւուն օգնելու որեւէ ջանք կրնայ նկատուիլ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին մէջ ներառուած կազմակերպութեան մը աջակցութիւն», շեշտեց ան:

Նշենք, որ Իրանեան «Ատրիան Տարիա 1» քարիւղատար նաւը Ժիպրալթարէն ճամբայ ելած էր դէպի յունական Քալամաթա կղզի:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարներէն Իսմայիլ Քաուսարի յայտնեց, որ իր երկիրը խիստ կերպով պիտի հակադարձէ իրանեան քարիւղատար նաւուն դէմ ամերիկեան որեւէ քայլի: Ան նշեց, որ Ուաշինկթըն «կը գիտակցի, թէ քարիւղատար նաւուն նաւարկումը խանգարելը իրեն պիտի վնասէ»:

«Ատրիան Տարիա 1»-ը պիտի շարունակէ Միջերկրականի մէջ իր նաւարկումը եւ գործադրէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը», ըսաւ ան:

«Եթէ քարիւղատար նաւը անգամ մը եւս գրաւուի, Իրանի հակադարձութիւնը նախկինէն շատ աւելի խիստ պիտի ըլլայ», զգուշացուց Քաուսարի:

 

 

Նախորդը

Փարակուէյ Հըզպալլան, Համասը, Քայիտան Եւ ՏԱՀԵՇ-ը Ներառեց Ահաբեկչական Կազմակերպութիւններու Ցուցակին Վրայ

Յաջորդը

Սուրիական Բանակը Ազատագրեց Խան Շէյխունը

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

September 26, 2026
Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն  Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ  7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ 7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»

September 26, 2026
Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական  Կեդրոն Մը Հարուածած Է
Միջազգային

Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական Կեդրոն Մը Հարուածած Է

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.