«Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր կազմին միացնելու համար Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսի արժանթինցի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալան, որուն համար կ՛առաջարկէ 80 միլիոն եւրօ:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Եուվենթուս մտադիր է այս փոխանցումը կատարել, որպէսզի ատկէ ստացած գումարով կարենայ իր կազմին միացնել Ինթեր Միլանի յառաջապահ Մաուրօ Իքարտին:
Եուվենթուսի հետ Տիպալայի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի յունիս 2022-ին: