Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, 6-8 սեպտեմբերին Լիբանան կը հիւրընկալէ թեքուանտոյի Պէյրութի բաց մրցաշարքը:
Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ)` կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին:
Նախորդ տարի այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի չորս ծագերէն փորձառու եւ անուանի մարզիկներ:
Մօտիկ ապագային Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարէ մասնակցող երկիրներուն անունները, ինչպէս նաեւ մարզիկներու արձանագրութեան վերջին պայմանաժամը: