ՆԸԺՄԷ ֆութպոլի ակումբին հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, մինչեւ նոր մարզիչի մը նշանակումը, Պիլալ Ֆըլէյֆել պիտի ըլլայ ժամանակաւոր մարզիչ` իրեն օգնական ունենալով Ժորժ Ասսաֆը:
Ծանօթ է արդէն, որ Նըժմէ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` թունուզցի Թարեք Ժարայան:
Շատ հաւանական է, որ նոր մարզիչի նշանակումը տեղի ունենայ Ատհայի տօնէն ետք` նկատի ունենալով, որ Նըժմէ իր բանակցութիւնները կը շարունակէ տարբեր մարզիչներու հետ:
ՌԱՍԻՆԿԻ նոր մարզիչ նշանակուեցաւ Ժալալ Ռըտուան, որ այպիսով փոխարինեց Ռիտա Անթարը:
Կը կարծուի, որ նոր մարզիչը խումբին հետ օրինաւոր փորձերու պիտի սկսի Ատհայի տօնէն անմիջապէս ետք` պատրաստուելու համար 2019-2020 տարեշրջանին:
Ռըտուան նախապէս եղած է Շապապ Արապիի մարզիչը եւ խումբը բարձրացուցած (երկու տարի առաջ) Ա. դասակարգ:
Ան այս իրագործումը պիտի յաջողի՞ կատարել Ռասինկի հետ, որ 2018-2019 տարեշրջանի աւարտին Ա. դասակարգէն փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ: