Սպանական մամուլը անցնող քանի մը օրերուն քիչ մը լայն անդրադարձ տուաւ Նէյմարի մասին` յայտնելով, որ Ռէալ Մատրիտ կ՛ուզէ իր կազմին միացնել Փարիզի Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահը:
Արքայական ակումբը պատրաստ է ֆրանսական ակումբին վճարելու 120 միլիոն եւրօ եւ անոր տալ իր խրուաթ միջնապահին` Լուքա Մոտրիչի փոխանցման իրաւունքը:
Նէյմար կ՛ուզէ վերադառնալ Պարսելոնա, սակայն անոր ակումբը չ՛ուզեր բանակցիլ քաթալոնական ակումբին հետ` լարուած յարաբերութիւններուն պատճառով: