Լոնտոնեան Արսենալը իր կազմին միացուց Լիլի յառաջապահ Նիքոլա Փեփէն, յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Անգլիական մամուլը յայտնեց, որ անոր այս փոխանցումը Արսենալի համար եղաւ մրցանշային:
Ցարդ մանրամասնութիւններ չեն տրուիր անոր ստորագրած պայմանագրութեան ճշգրիտ գումարին մասին, թէեւ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, այդ փոխանցումը արժեց 80 միլիոն եւրօ:
24 տարեկան փղոսկրեայ ափունքցին հանդէս պիտի գայ թիւ 19 մարզաշապիկով: