Երէկ միջազգային մարզական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ ահաբեկիչներ Պարսելոնայի յառաջապահներ Լիոնել Մեսսիի եւ Լուիս Սուարեզի ինքնաշարժներուն մէջ ռումբեր զետեղած են:
Ֆութպոլիստները իրենց ինքնաշարժները զետեղած էին «Պարսելոնա – Փրատ» օդակայանին յատուկ կառատան մէջ ուրկէ օդանաւով մեկնած են Իպիզա:
Օդակայանի անվտանգութեան հսկող մարմինները որեւէ սպառնալիքի մասին ահազանգ չեն ստացած:
Յայտնենք, որ Սուարեզ այսօր իր փորձերուն կը սկսի Պարսելոնայի հետ, իսկ Մեսսի` 4 օգոստոսին: