«Հայ Մշակութային Արժէքներու Տարածումը Իւրաքանչիւր Հայու Ազգանուէր Պարտաւորութիւնը Պէտք Է Դառնայ». Արամ Ա. Կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս երկուշաբթի, 15 յուլիս 2019-ին Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ողջունեց այցելութիւնը խումբ մը արուեստագիտուհիներու, որոնք Հայաստանէն եկած էին «Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի մէջ» թեմայով հայ ժողովուրդի մշակութային արժէքները ներկայացնելու շրջանի ժողովուրդին:
«Մշակոյթը ժողովուրդի մը ինքնութեան ու ինքնահասկացողութեան շօշափելի արտայայտութիւններէն մէկն է: Ան զօրեղ գործօն է ո՛չ միայն ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման, այլ նաեւ` անոր գոյութեան ամրացման: Այսպէ՛ս եղած է հայ մշակոյթը մեր ժողովուրդին համար պատմութեան ընթացքին: Ինքնութիւն փճացնող ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ, ուր ազգերու մշակոյթները սկսած են այլափոխուիլ համաշխարհային մշակոյթի ներխուժումով, փոքր ժողովուրդները հրամայական կարիքը ունին ամրօրէն կառչելու իրենց մշակութային արժէքներուն` զանոնք վերանորոգելով, վերակենսաւորելով ու դարձնելով ներկայ պայմաններուն համահունչ: Նման առաքելութեան կոչուած է նաեւ մեր ժողովուրդը ու յատկապէս մեր մշակոյթի զանազան մարզերուն մէջ գործող ու ծառայող մեր մշակոյթի մշակները», ըսաւ կաթողիկոսը` քաջալերելով նման նախաձեռնութիւնները, որոնք նաեւ մեծապէս կը նպաստեն Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առաւել ամրապնդման:
Յայտնենք, որ երկու օրերու վրայ տարածուած յիշեալ մշակութային ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան, հայերու կողքին, նաեւ մեծ թիւով տեղացիներ: Հոն ներկայացուեցան` հայկական երաժշտութիւն, ասեղնագործութիւն, գորգաշինութիւն եւ մշակոյթին այլ բնագաւառներու պատկանող իւրայատուկ աւանդութիւններ:
Յիշեալ ձեռնարկին մաս կազմող Հայաստանէն ժամանած հայուհիները այցելեցին վեհափառ հայրապետին եւ միաբան հայրերու ներկայութեան քանոնով եւ տուտուկով ներկայացուցին հայկական երաժշտական կտորներ, նաեւ հոգեւոր երաժշտութեան կատարումին տուտուկով իր մասնակցութիւնը բերաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Օշին աբղյ. Չուալերթանեանը:
Դասախօսութիւն` «Եկեղեցին Ներկայ Աշխարհին Մէջ» Նիւթով
Ուրբաթ, 12 յուլիս 2019-ի երեկոյեան Ս. Աստուածածին վանքին մէջ վեհափառը դասախօսութիւն մը տուաւ «Եկեղեցին ներկայ աշխարհին մէջ» նիւթով: Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու երիտասարդ ներկայացուցիչները, շուրջ 50 անձերէ բաղկացած, իրենց դասախօսներով եկած էին լսելու կաթողիկոսը: Անոնք երկու շաբաթներու վրայ երկարաձգուած խտացեալ յատուկ աստուածաբանական դասընթացքի հետեւելու եկած էին Լիբանան` զանազան երկիրներէ:
Արամ Ա. նախ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ ըմբռնումին` որպէս Քրիստոսի խորհրդական մարմինը: Ան շեշտեց, որ քրիստոնեայ ըլլալ` կը նշանակէ պատկանիլ եկեղեցւոյ: Եկեղեցին հաւատքի համայնք ըլլալով, միաժամանակ հաւատքի առաքելութիւն է` Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակող, ըսաւ հայրապետը եւ այս կէտէն մեկնելով` ան նաեւ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ առաքելութեան զանազան տարածքներուն` ընդգծելով ընկերային ծառայութեան ու դաստիարակութեան իւրայատուկ կարեւորութիւնը:
Իր դասախօսութեան երկրորդ բաժինին մէջ հայրապետը խօսեցաւ միջեկեղեցական շարժումին մասին` նշելով անոր յատկանշական երեսները եւ ապա` նպատակը: Ան յատկապէս շեշտեց, որ եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ հրամայական է: «Եկեղեցին չի կրնար գոց տուփի մէջ ապրիլ, ընկերութեան կեանքի լուսանցքին վրայ մնալ եւ դառնալ անտարբեր` ներկայ աշխարհը յուզող հարցերուն նկատմամբ: Անհրաժեշտ է, որ եկեղեցին կենդանի ներկայութիւն դառնայ ընկերութեան կեանքին մէջ: Հետեւաբար միջեկեղեցական գործակցութեան ճամբով եկեղեցւոյ վկայութիւնը կը դառնայ աւելի ազդու», ըսաւ ան:
Աւարտին հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած շարք մը հարցումներու:
Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Թանգարանի Վերանորոգութիւն
Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի վերանորոգութեան աշխատանքները արդէն ընթացք առին: Արդարեւ, 1996 թուականին բացուած «Կիլիկիա» թանգարանին վերանորոգութիւնը դարձած էր հրամայական` մէկ կողմէ նկատի ունենալով ներքին փոփոխութիւններու ու նորոգութիւններու, եւ միւս կողմէ` նոր ստացուած իրերու դասաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Ընդառաջելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին փափաքին` վերանորոգութեան աշխատանքներուն բարերարութիւնը ստանձնած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեանը:
Վերանորոգութեան աշխատանքներուն մօտէն կը հետեւի թանգարանի յանձնախումբի ատենապետ Մկօ Եափուճեանը: Աշխատանքները պիտի տեւեն շուրջ երկու ամիս, որուն ընթացքին թանգարանը այցելուներ պիտի չընդունի:
Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան Վարչութեան Եւ Հաճնոյ Հերոսամարտի 100-ամեակի Յանձնախումբի Անդամներուն Այցելութիւնը
Երեքշաբթի, 9 յուլիս 2019-ին վեհափառը ընդունեց Հաճնոյ հայրենակցական միութեան վարչութեան եւ Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակի յանձնախումբին անդամները` Փոլ Եագուպեան, Արամ Մալեան, Ժիրայր Դանիէլեան, դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան եւ Հայկ Օղուլլուգեան:
Այցելութեան նպատակն էր կաթողիկոսը տեղեակ պահել յառաջիկայ տարի Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով իրագործուելիք ծրագիրներուն` Լիբանանի, Հայաստանի եւ սփիւռքի այլ գաղութներուն մէջ:
Հայրապետը գնահատեց հայրենակցական միութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` համահայկական մակարդակով Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակին նշումը կատարելու իրենց նախաձեռնութիւնը: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց հայրենակցական միութիւններուն դերը մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ, յատկապէս` հայապահպանման նպատակով անոնց ներդրումը կրթական, մշակութային ու ընկերային մարզերուն մէջ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» Երգչախումբը Վերանորոգ Թափով Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը
Երեքշաբթի, 9 յուլիս 2019-ին, ընդունելով վարչութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի աւելի քան 45 տարիներու ծառայութիւն ունեցող «Շնորհալի» երգչախումբին, վեհափառ հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց երգչախումբին ծաւալած հոգեւոր ու մշակութային առաքելութեան: Ան յատկապէս ողջունեց երգչախումբի ներկայ խմբավար Զաւէն աբղյ. Նաճարեանին կողմէ կատարուող հետեւողական աշխատանքը, խումբին որակին ու քանակին ապահովման նպատակով:
Այսօր երգչախումբը կը բաղկանայ շուրջ 65 երկսեռ անդամներէ եւ ունի իր նորակազմ վարչութիւնը:
«Արեգ», «Քնար» Եւ «Արին» Պարախումբերու Վարչութիւններուն Այցելութիւն
Երկուշաբթի, 8 յուլիս 2019-ին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ կաթողիկոսը ընդունեց այցելութիւնը «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան «Արեգ», Համազգայինի «Քնար» եւ ՀԲԸՄ ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբերու վարչութիւնները:
Վերոյիշեալ երեք միութիւններուն պարախումբերը նախորդող շաբաթներուն Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ միասնաբար հանդէս եկան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Հայ մամուլի համահայկական համագումարին առիթով:
Հայրապետը պարախումբերու վարչութեանց իր բարձր գնահատանքը յայտնեց` ողջունելով միացեալ ելոյթով մեր ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ միացեալ ուժերով մեր մշակութային արժէքները տարածելու անհրաժեշտութիւնը: Ան ըսաւ, որ պարը մեզի համար սովորական նշանակութիւն չունի, ան հայ ժողովուրդին հարազատ հոգիին ապրումներուն ու ձգտումներուն արտայայտութիւնն է: Հետեւաբար, այս նախանձախնդրութեամբ, մեր մշակութային միութիւնները յատուկ կարեւորութիւն պէտք է ընծայեն հայկական պարին` զայն անանջատելի մասը նկատելով հայ դպրոցի հայակերտման առաքելութեան:
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Համաատենապետ Գրիգոր Մահսերեճեանը
Շաբաթ, 6 յուլիս 2019-ին Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ կաթողիկսին այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Գրիգոր Մահսերեճեանը: Ապու Տապի բնակող Գ. Մահսերեճեանը երկար տարիներ թեմի Ազգային իշխանութեան մաս կազմած է եւ իր նիւթական աջակցութիւնը բերած է Ապու Տապիի եկեղեցւոյ ու համալիրի շինութեան: Ան նաեւ վերջերս Պիքֆայայի դպրեվանքին դաշտին շինութեան բարերարութիւնը ստանձնեց: Յայտնենք, որ շուրջ 6 տարիներ առաջ նորին սրբութիւնը զայն պարգեւատրած է «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանով:
Գ. Մահսերեճեանի այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու ընդհանրապէս մեր Սուրբ Աթոռի առաքելութեան հետ առնչուած աշխատանքներուն ու յատկապէս Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից թեմի գործունէութեան: