Իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ թեքուանտոյի երկսեռ կրտսերներու ախոյեանութեան, նախորդ շաբաթավերջին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման մեկնեցաւ Լիբանանի թեքուանտոյի պատուիրակութիւնը:
Պատուիրակութիւնը, որ կը բաղկանայ 31 մարզիկներէ, կը գլխաւորէ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ:
Յայտնենք, որ Լիբանանի ազգային խումբին մաս կը կազմէ նաեւ Ալեքսիա Աւագեան (Շանվիլ):
Ֆետերասիոնին անդամները յաջողութիւն մաղթեցին ազգային խումբի մարզիկներուն` լաւ արդիւնքներով վերադառնալու համար Յորդանանէն: