Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուս երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իր կազմին միացուց Այաքս Ամսթերտամի յետսապահ Մաթիս տը Լիկթը:
19 տարեկան հոլանտացի ֆութպոլիստը, որ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Եուվէի հետ, տարեկան պիտի գանձէ 12 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Անոր փոխանցման արժէքը կազմեց 75 միլիոն եւրօ: Յառաջիկային կրնայ պատահիլ, որ ան ստանայ 10,5 միլիոն եւրօ յաւելավճար:
Ան նախորդ տարեշրջանին 55 մրցումի ընթացքին նշանակեց 7 կոլ եւ կատարեց 4 էսիսթ: