Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան մեկնեցաւ Զուիցերիա եւ հոն հանդիպում ունեցաւ Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնին անդամներուն հետ` վերոնշեալ կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մէջ:
Ծատուրեան տեսակցեցաւ Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահի Տաւիտ Լափարթիենի, «Մաութըն Պայք»-ի յանձնախումբի անդամներուն, ինչպէս նաեւ տարբեր պատասխանատուներու, ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու հսկող անձնաւորութիւններու հետ:
Ան մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուց Ասիոյ «Մաութըն Պայք»-ի 25-րդ ախոյեանութեան վերջին պատրաստութիւններուն գծով` յայտնելով, որ Լիբանան կազմ ու պատրաստ է 25-28 յուլիսին Քֆարզեպիանի մէջ հիւրընկալելու այս մրցաշարքը:
Ան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հոն կատարուած «Մաութըն Պայք»-ի յանձնախումբի ժողովին` իբրեւ անդամ այդ յանձնախումբին:
Յայտնենք, որ Ծատուրեան կը զբաղեցնէ նաեւ հետեւեալ պաշտօնները. Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ, հեծելարշաւի ասիական եւ արաբական ֆետերասիոններու անդամ, ֆրանսախօս երկիրներու հեծելարշաւի ֆետերասիոնին փոխնախագահ, ինչպէս նաեւ Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնի «Մաութըն Պայք»-ի յանձնախումբին անդամ:
Այստեղ նշենք, որ 18-21 յուլիսին «Մոնթէ Պելլօ» պանդոկին մէջ (Աժալթուն) տեղի պիտի ունենան Ասիոյ «Մաութըն Պայք»-ի 25-րդ ախոյեանութեան իրաւարարներու յատուկ դասընթացքները` միջազգային իրաւարարներու հսկողութեամբ: