Հսկողութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, «Ֆուատ Շեհապ» վեթերաններու ֆութպոլի մրցաշարքը արդէն իսկ հասած է իր աւարտին` նկատի ունենալով, որ մնացած է միայն աւարտական ճակատումը, ուր իրարու դէմ պիտի մրցին Ռասինկ եւ Ահլի Սարպա:
Աւարտական այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 24 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, նախորդ բոլոր մրցումներուն նման, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ:
Կիսաւարտականին Ռասինկ յաղթեց Անսարին (4-3), իսկ Ահլի Սարպա` Թրիփոլիին (1-0):
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՄԸՄ, Սաժես, Զղարթա եւ Շարք:
Ֆուատ Սալիպա, որ «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրին տնօրէնն է, ինչպէս նաեւ Ժոզեֆ Պու Զէյտ, որ մրցաշարքին կազմակերպիչն է, ֆութպոլասէր հասարակութիւնը հրաւիրեցին ներկայ գտնուելու աւարտական այս մրցումին` քաջալերելու համար անցեալի անուանի ֆութպոլիստները, որոնք ունեցած են իրենց փառքի օրերը Լիբանանի ֆութպոլի դաշտերուն վրայ:
Աւարտական մրցումին պիտի յաջորդէ մրցանակաբաշխութիւն եւ յուշանուէրներու տուչութիւն: