Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերին, ընկերակցութեամբ գերապայծառ Իվան Սանթոսի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները` երկրին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:
Հանդիպումին ընթացքին Սփիթերի հաստատեց, որ Վատիկան յանձնառու կը մնայ Լիբանանի կայունութեան եւ միասնականութեան` ողջունելով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը, որ իբրեւ օրինակ կը ծառայէ ամբողջ աշխարհին:
Սփիթերի ընդգծեց նաեւ, որ Վատիկան կը զօրակցի «Մերձեցման եւ երկխօսութեան մարդու ակադեմիա» հիմնելու Լիբանանի նախաձեռնութեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը եւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Անտրէ Շիտիաքը: Քննարկուեցան ազգային, օրինական եւ սենտիքայական շարք մը կանոններ, որոնց շնորհիւ կարելի է շարունակել փտածութեան դէմ պայքարը:
Շիտիաք յայտնեց, որ սենտիքային բոլոր կարողութիւնները զետեղած է հանրապետութեան նախագահին տրամադրութեան տակ` ազգային նպատակներու գործադրութեան ի խնդիր: