Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հիւլէական Համաձայնագիրին Շուրջ Նոր Բանակցութիւններ Պիտի Չկատարենք. Վերջաւորութեան Մեր Քարիւղը Պիտի Ծախենք, Սակայն Ոչ Մեր Արժանապատուութիւնը» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Յուլիս 17, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ, որ Նիւ Եորք կ՛այցելէ` մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի ժողովին, յայտնեց. «Իրան հիւլէական համաձայնագիրին շուրջ նոր բանակցութիւններ պիտի չկատարէ»:

Ան պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Ի վերջոյ մեր քարիւղը պիտի ծախենք, սակայն երբեք` մեր արժանապատուութիւնը»:

«Որեւէ ճնշումի դիմաց Իրանի ընտրանքը դիմադրութիւնն է, սակայն եթէ Միացեալ Նահանգներ ներկայ կացութենէն պատուով դուրս գալու միջոց կը փնտռեն, ապա ատիկա գոյութիւն ունի», ըսաւ Զարիֆ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ շեշտեց. «Լարուածութեան չենք ձգտիր, սակայն եթէ մեր դէմ յարձակում տեղի ունենայ, երբեք պիտի չտատամսինք մենք մեզ պաշտպանելու»:

Միւս կողմէ, «Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Ֆարհան Հաք լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է, թէ ՄԱԿ մտահոգ է Նիւ Եորքի մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի տեղաշարժին սահմանափակումով:

Ան յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի քարտուղարութիւնը ամերիկեան իշխանութիւններու որոշումին վերաբերեալ իր մտահոգութիւնը յայտնած է ամերիկեան կողմին, եւ խնդիրը կը քննարկէ ամերիկացի ու իրանցի դիւանագէտներու հետ:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու` Զարիֆի դէմ պատժամիջոցներ հաստատել սպառնալէն ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն Զարիֆին արտօնած է Նիւ Եորք մեկնիլ` մասնակցելու ՄԱԿ-ի տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի տարեկան ժողովին, սակայն արգիլած է դուրս գալ Միտթաունի մէջ ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի դեսպանատան 6 թաղերու սահմանէն:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ` իբրեւ ՄԱԿ-ը հիւրընկալող երկիր, համաձայնութիւն ունին ՄԱԿ-ի գործերով արտասահմանցի դիւանագէտներուն մուտքի արտօնագիր տրամադրելու մասին եւ հազուադէպօրէն զանոնք կը մերժեն:

 

 

Նախորդը

Թուրքիա Թունուզին 300 Միլիոն Տոլարի Փոխատուութիւն Կը Կատարէ` Երկրին Մէջ Անվտանգութեան Ու Ներդրումներուն Աջակցելու Համար

Յաջորդը

Մոսկուան Դէմ Է Թուրքիոյ Նկատմամբ Որդեգրուած Միակողմանի Պատժամիջոցներուն

RelatedPosts

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ռուպիօ Իրաքի Վարչապետին Շեշտեց Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Միլիսներու Զինաթափման Անհրաժեշտութիւնը
Միջազգային

Ռուպիօ. «Իսրայէլի Այսրյորդանանը Կցելու Ծրագիրները Կը Վտանգեն Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Եւրոպական Միութիւն. «Սուրիոյ Մէջ Համայնքային  Բռնարարքներու Վերաբերեալ Արդարացի  Մտավախութիւններ Գոյութիւն Ունին»
Միջազգային

Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու 19-րդ Թղթածրարը Որդեգրեց

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?