Աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ Անթուան Կրիզման երէկ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի հետ:
28 տարեկան ֆութպոլիստը հանդէս պիտի գայ թիւ 17 մարզաշապիկով:
Նախքան իր պայմանագրութիւնը ստորագրելը, ան ենթարկուեցաւ բժշկական քննութիւններու:
Անոր փոխանցման համար Պարսելոնա Աթլեթիքօ Մատրիտին վճարեց 120 միլիոն եւրօ: Անոր հրաժարագինը կազմեց 800 միլիոն եւրօ:
Ան 2014-էն ի վեր մաս կը կազմէր Աթլեթիքօ Մատրիտին: