Պատրաստուելու համար Ասիա-2020-ի պասքեթպոլի բաժակի զտումի մրցաշարքին` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը որոշում տուաւ, որ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, իր մասնակցութիւնը բերէ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 10-18 սեպտեմբերին, Ռիատիի «Սաէպ Սալամ» մարզադաշտին վրայ, Մանարա:
Նախապէս այս մրցաշարքին մասնակցելու գծով իրենց հաւանութիւնը տուին Անկոլայի ախոյեան Պրիմիօ Օկուսթօ եւ ուքրանական Չերքասի խումբը, մինչ կազմակերպիչ յանձնախումբը պատասխան կը սպասէ, յունական խումբէ մը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Եուրօ-լիկ»-ի մրցաշարքէն:
Այս մրցաշարքին մասնակցող խումբերուն կարգին պիտի ըլլան Ժամհիեթ Սալա (Մարոք), Իթթիհատ Իսքանտարի (Եգիպտոս), Ահլի Պընղազի (Լիպիա), իսկ Լիբանանէն` Ռիատի Պէյրութ եւ Պէյրութ Ֆըրսթ Քլապ: