Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրական Աճի Անվիճելի Նախապայմանը

Յուլիս 8, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

Անկախ այն բանէն, թէ գաղափարախօսական ի՛նչ դիրքերէ կը փորձենք վարել ՀՀ տնտեսութիւնը, կարեւոր է, որ մեր տնտեսական քաղաքականութիւնը հիմնուի ոչ գնաճային (non-inflationary) միջոցառումներու համակարգուած փաթեթի մը վրայ: Առանձին նախաձեռնութիւններ կրնան որոշ գնաճային ռիսքերու առաջնորդել եւ տակաւին ընդունելի ըլլալ (ազգային պաշտպանութեան, ընկերային եւ մշակութային շարժառիթներէ մղուած), այնքան ատեն որ տնտեսական փաթեթը, իր ամբողջութեանը մէջ, յստակօրէն միտի ներքնապէս հաւասարակշռելու յիշեալ գնաճային ռիսքերը եւ երաշխաւորէ փաթեթին առողջ ելքը դէպի տնտեսական իրական աճ:

Այս նախապայմանին ենթակայ են իշխանութեան ձգտող բոլոր քաղաքական ուժերը անխտիր: Ներառեալ Դաշնակցութի՛ւնը` որպէս ընկերվարական կուսակցութիւն: Այսօր Հայաստանի քաղաքական բեմի բոլոր քաղաքական ուժերը պարտաւորուած են հանրութեան սեղանին վրայ դնելու տնտեսական քաղաքականութեան այնպիսի մէկ կերպար (model), որ գոհացուցիչ երաշխիքներ կը հայթայթէ հետեւեալ երեք նախապայմաններու իրագործման համար.

(ա) Փաթեթը, իր չափագրելի արդիւնքին մէջ, պիտի ըլլայ ոչգնաճային:
(բ) Փաթեթը, իր չափագրելի արդիւնքին մէջ, պիտի չաւելցնէ Հայաստանի արտաքին պարտքը:
(գ) Փաթեթը ծնունդ պիտի տայ տնտեսական իրական աճի: Ասիկա նախապայմաններուն նախապայմանն է: Հայաստանի տնտեսութեան ոսկեայ օրէ՛նքը:

Թէ ինչպէ՛ս քաղաքական ուժերէն ամէն մէկուն տնտեսական ծրագիրը կը հասնի վերոյիշեալ թիրախներու իրագործման, եւ թէ ինչպէ՛ս իր ստեղծելիք տնտեսական աճը կը տանի տնտեսական համակարգի արմատական յեղաշրջման, արդիականացման, աղքատութեան նուազեցման, արտագաղթի կասեցման, վերաներդրումային ոլորտի աշխուժացման եւ ներառական տնտեսութեան այլ նպատակներու իրագործման, այդ անյայտներու (variables ) աւազանին մէջն է, որ երեւան պիտի գան մեր գաղափարախօսական տարբերութիւններն ու ռազմավարական առաւելութիւնները: Մենք այս ճակատներուն վրայ է, որ պիտի մրցինք իրարու հետ: Ո՛չ` վերոյիշեալ երեք կէտերուն վրայ: Պարզ խօսքով, մեզմէ անոնք, որոնք վերոյիշեալ երեք թիրախներու իրագործման նախապայմանները չեն կրնար գոհացնել իրենց տնտեսական քաղաքականութեամբ, պէտք է մերժուին հանրութեան կողմէ, քանի որ անոնք լուծում չունին այսօրուան մեր հարցերուն:

Տնտեսական իրական աճը կենսական է Հայաստանի տնտեսութեան համար, եւ ան անսակարկելի է, քանի որ ան է միայն, որ կրնայ «ֆինանսաւորել» մեր պետական անկախութիւնը: Գնաճային միջոցառումներով հասարակական բարօրութեան կարելի չէ հասնիլ: «Բարօր, բայց տկար» կամ «բարօր, բայց պատանդ» «տկար, բայց ապահով» ցնդաբանութիւններու համար չէ Հայաստանը: They belong to the lose-lose territory and must be rejected outright. Հայաստանը պէտք է հեռու պահէ ինքզինք այդպիսի քաղաքական փորձութիւններէ: Ընդհակառակն, բոլոր քաղաքական ուժերը պէտք է գործեն այն յստակ համոզումով, որ առողջ տնտեսական աճը մեր տնտեսութեան ազատութիւնն է եւ փրկութեան միակ վստահելի բանալին: Եւ ան պէտք ունի խթանուելու: Հայոց պետութիւնը քաջաբար եւ վճռականօրէն պիտի տնօրինէ իր ազատութիւնը: Ապաւինիլ միայն բնական օսմոզային հոլովոյթներու (trickle down economy) կարելիութեան վրայ (ինչպէս ներկայ իշխանութեան նոր-ազատական տնտեսութեան ջատագովները կը թուին ընել) եւ մեծահոգաբար յաւելումներ բաշխել հասարակութեան (հարկային համահարթեցում, նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում, եւն.) խաբող քաղաքականութիւն է, որուն ծանր գինը ի վերջոյ աշխատաւորութիւնն է, որ պիտի վճարէ: Դաշնակցութիւնը կը մերժէ կեղծ տնտեսութեամբ գործելու այդ գաղափարը: Այսօրուան հարցերը պիտի լուծուին այսօր: Անոնք պիտի չբարդուին ապագայ սերունդներու վզին:

Մեր երկրի լինելիութեան գործը այսօրուան օրակարգն է: Այս պատասխանատուութեամբ է, որ կը գործէ Դաշնակցութիւնը: Այս պատասխանատուութիւնն է, որ ան պիտի շարունակէ պահանջել բոլորէն, թէ՛ վարչապետ Փաշինեանի կառավարութենէն, թէ՛ բոլոր միւս նոր-ազատական տնտեսութեան նորմերուն զինուորագրուած ուժերէն, թէ՛ սոցիալ-դեմոկրատիայի դեռ չկազմաւորուած շերտերէն եւ թէ՛ մանաւանդ ինքզինքէն` պատասխանատու եւ արդիապաշտ ընկերվարութեան դրօշակիրը հանդիսացող Հայ յեղափոխական դաշնակցութենէն:

5 յուլիս 2019
Ուաշինկթըն

 

Նախորդը

Առողջութիւն Եւ Առողջապահական Գիտելիքներ

Յաջորդը

Ծառայասէր Եւ Հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ական Վրէժ Թազեանի Յիշատակին* (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?