Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-Ահլի Սարպա վեթերաններու ֆութպոլի մրցումը, որ եկաւ շուրջ 15 տարի առաջուան օրերը յիշեցնելու հանդիսատեսներուն, որոնք եկած էին քաջալերելու երկու կազմերը:
Սակայն այս մրցումը ՀՄԸՄ-ի կազմին համար եղաւ վերջինը` նկատի ունենալով, որ խումբը 6-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Յակոբ Կիւլիւմեան նշանակեց 2 կոլ, մինչ Դրօ Քէհէեան` երրորդ կոլը:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները փախցուցին ստոյգ կոլեր, մինչ խումբին պաշտպանողական գիծը եղաւ քիչ մը տկար, որովհետեւ այդ վեց կոլերն ալ ստացաւ գրեթէ նոյն ձեւով:
Յամենայն դէպս, ասիկա եղաւ յիշատակելի մրցաշարք մը ՀՄԸՄ-ի համար:
Վարձքը կատա՛ր բոլորին: