Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ ընդունեց կիպրացի իր պաշտօնակից Սաւաս Փերտիոսը` ընկերակցութեամբ կիպրական պաշտօնական պատուիրակութեան:
Հանդիպումին ընթացքին լիբանանեան եւ կիպրական կողմերը քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զբօսաշրջութեան մարզին պարագային երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, որոնցմէ մէկն էր Լիբանանի եւ Կիպրոսի միացեալ շուկայադրումը ապահովելու կարելիութիւնները` զբօսաշրջութեան համաշխարհային շուկաներուն մէջ: