Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Յունիս 26, 2019
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խրիմեան Հայրիկ`
Վասպուրականի Առաջնորդ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Վասպուրականի սովելոց յանձնաժողովը 1879 դեկտեմբերին: Նստած, ձախէն աջ` Կարապետ Իսաջանեան, Մկրտիչ Մարութեան, Քերովբէ Գույումճեան, Խրիմեան Հայրիկ, Գէորգ բէկ Գալճեան եւ Յարութիւն Թերզիպաշեան: Ոտքի ձախէն աջ` Սեդրաք Տեւկանց եւ Գարեգին վարդապետ Սրուանձտեանց:

– Ահաւոր Սով Եւ Սովելոց Յանձնաժողով

Ռուս-թրքական 1877-1878-ի պատերազմին ժամանակ, հայկական գաւառները պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմ հանդիսացած էին: Թրքական զօրք ու պաշըպոզուքներ թալանի եւ աւերածութեան մատնած էին հայկական գիւղերը: 1877-ի աշնան եւ 1878-ի գարնան եւ աշնան, ինչպէս նաեւ 1879-ի գարնան շատ տեղեր ցանք չէր եղած: Իսկ 1879-ի ամրան երաշտը չորցուց բուսականութիւնը:

Աշնան (1879-ին) սկսաւ ահաւոր սով մը, յատկապէս` Կարնոյ եւ Վասպուրականի գաւառներուն մէջ: Սովը օրըստօրէ սաստկացաւ եւ ահաւոր համեմատութիւններ ստացաւ:

Գաւառներէն խլեակներ կը հասնէին Պոլիս եւ ահաւոր գոյներով կը պատկերէին գաւառներուն վիճակը:

Պոլսոյ մէջ պատրիարք եւ Ազգային ժողով ցնցուած էին: Սովեալներու համար հանգանակութիւններ սկսան եւ օժանդակութիւններ ղրկուեցան գաւառներ:

* * *

Իբրեւ Վանի առաջնորդ 1872-ին Պօղոս եպիսկոպոսին յաջորդած էր Գրիգորիս եպիսկոպոս Աղուանեան, որ իր կարգին 1874-ին հրաժարած էր եւ իբրեւ փոխանորդ անոր յաջորդած էր Լիմ անապատի միաբան Թադէոս վարդապետ: Իսկ 1875-ին Վանի առաջնորդ ընտրուած էր Երեմիա եպիսկոպոս Տեւկանց:

Պոլսոյ մէջ 1876 ապրիլին հիմնուած Արարատեան ընկերութեան կրթական ներկայացուցիչ Մկրտիչ Փորթուգալեան նոյն տարուան հոկտեմբերին Վան հասնելով Թիմարի շրջանի Ալիւր գիւղին մէջ դպրոց բացած էր ընկերութեան տրամադրած միջոցներով:

Փորթուգալեան 1878-ի աշնան Վան փոխադրուեցաւ եւ 1 յունուար 1879-ին պաշտօնական հանդէսով մը Վանի Վարժապետանոցին  բացումը կատարեց: Վարժապետանոցը վերածնութեան կեդրոն մը դարձաւ հայ աշխարհին համար:

Վանեցի քանի մը տասնեակ երիտասարդներ 1878-ի վերջաւորութեան միանալով Սեւ խաչ անունով կազմակերպութիւն մը հիմնեցին, նպատակ ունենալով «ժողովուրդի մէջ ինքնապաշտպանութեան ոգին տարածել,  իրաւանց տէր ընել եւ իբր մարդ ապրիլ»: Սեւ խաչ մակդիրը կը նշանակէր` կազմակերպութեան «դաւաճան եւ անգաղտնապահ ընկերի անուան վրայ սեւ խաչ քաշելով, իսկոյն եւեթ մահուան դատապարտել»:

Վանի առաջնորդ Երեմիա եպիսկոպոս Տեւկանց Տէր Սարգսենց, բանահաւաք եւ բանասէր, 1879-ի աշնան հրաժարեցաւ առաջնորդութենէն:

* * *

Աւանց գիւղի նաւահանգիստը

Վանի թեմի գաւառական ժողովը 1879-ի աշնան առաջնորդ ընտրեց Խրիմեան Հայրիկը: Պատրիարքարանը հաստատեց ընտրութիւնը:

Պատրիարքարանը Վանի նորընտիր առաջնորդին հրահանգեց կազմել Վասպուրականի սովելոց յանձնաժողով մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլար օգնութիւն ցոյց տալ սովեալներուն:

Պատրիարքարանը նաեւ որոշեց իր կողմէ ներկայացուցիչ մը ղրկել Վան, սովելոց յանձնաժողովին մէջ գործելու եւ Խրիմեան Հայրիկի աջակցելու համար:

Ազգային բարերար Սերովբէ Կիւլպէնկեան առաջարկեց, որ իր առեւտրական տան պաշտօնեայ Քերովբէ Գույումճեան միանայ Հայրիկի եւ Վան երթայ սովելոց յանձնաժողովին մէջ գործելու համար: Առաջարկը ընդունուեցաւ:

* * *

Խրիմեան Հայրիկ 1879-ի նոյեմբերին Պոլիսէն նաւ նստաւ եւ քանի մը օրուան ճանապարհորդութենէ ետք Տրապիզոն ցամաք ելաւ:

Տրապիզոնէն Հայրիկ ուղղուեցաւ Կարին: Կարինէն անդին, ամէնուրեք, սրտաճմլիկ տեսարաններ կը պարզուէին: Սոված եւ տանջուած բազմութիւններ կը դիմաւորէին Հայրիկը եւ «Հա՜ց-հա՜ց» կ՛աղաղակէին:

Չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 1879-ը ցրտաշունչ եւ անձրեւոտ օր մըն էր, երբ Հայրիկ կը հասնէր Վան:

Հրաժարեալ առաջնորդ Երեմիա եպիսկոպոս եւ Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու անդամներ մինչեւ Աւանց գիւղը դիմաւորելու գացին նորընտիր առաջնորդը:

Աւանց հասան նաեւ պետութեան ներկայացուցիչ Ալայ բէկ, Թաբուր աղասին, Վանի ոստիկանապետը, ոստիկան զօրաց ձիաւոր պահակախումբը, Ռուսիոյ հիւպատոս Կոստանդին Կամսարականի թարգման Միքայէլ Սրուանձտեան եւ Անգլիոյ հիւպատոս Քլէյթընի թարգման Միհրան Պաղտասարեան:

Վանէն մինչեւ Աւանց ճամբուն վրայ ժողովուրդը խռնուած էր եւ ձիւնախառն անձրեւի տակ կանգնած` Հայրիկի ժամանման կը սպասէր:

Հայրիկ շքախումբով շրջապատուած հասաւ Աւանց եւ «կեցցէ»-ներով ու ծափողջոյններով դիմաւորուեցաւ:

Առաջնորդանիստ Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ զանգերը ուժգնօրէն կը ղօղանջէին եւ կ՛աւետէին ընտրեալ առաջնորդին գալուստը:

Հանդիսաւոր շքերթը Աւանցէն ուղղուեցաւ Վան եւ հասաւ Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ դրան առջեւ: Պետական պաշտօնեաներ եւ ոստիկաններ պատուոյ ողջոյնով դիմաւորեցին հայոց առաջնորդը:

Դպրաց դասը, թափօր կազմած, ընդառաջ գնաց Հայրիկի եւ «Հրաշափառ»-ի երգեցողութեամբ զայն առաջնորդեց եկեղեցի, որ արդէն բերնէ բերան լեցուած էր ժողովուրդով:

Քանի մը վայրկեան հանգստանալէ ետք Հայրիկ սեղան բարձրացաւ եւ յուզուած ու լալագին ձայնով խօսեցաւ:

– «Իմ սիրելի Վասպուրականի ժողովուրդ: Օրհնեա՜լ է Գրիգորի, Ներսէսի եւ Սահակայ Աստուած, որ անարժանիս նորէն արժանի արաց համբուրել իմ հայրենի տաճարներ եւ սրբութիւններ, տեսնել իմ սիրելի հայրենակիցներ, որոց համար կարօտամաշ եղայ պանդխտութեանս երկար տարիներու մէջ: Սիրելի՛ ժողովուրդ, քեզ հետ պիտի ապրիմ այլեւս, քեզ հետ պիտի շնչեմ հայրենիքիս կենսատու օդ. ո՜հ պիտի երթամ իմ սիրած բոյն, Վարագայ վանքը, եւ հոն պիտի ապրիմ մինչեւ փչեմ վերջին շունչս: Ժողովուրդ հայոց, եկած եմ որ քո ցաւերով մորմոքիմ, քո ուրախութիւնով բերկրիմ, քեզ հետ լամ, քեզ հետ խնդամ: Գիտէք որ աւերիչ պատերազմը քարուքանդ արաց Հայաստանի շէնն ու աւան, գեղն ու քաղաք: Հարստահարուեր, գաղթեր, կամ կորսուեր է երկրագործ գիւղացին: Մեր աշխարհի լիութեան եւ բարութեան միակ աղբիւր Ցամքեր է, գիւղացին մէջքակոտոր եղած է եւ սովը չոքեր է երկրի մէջ ու մահ կը սպառնայ ամէնքիդ: Սակայն մի՛ վհատիք, այն Աստուած, որ Իսրայէլին երկար տարիներով անապատներու մէջ մանանայով կերակրեց, կարող է եւ ձեզ ազատել պատերազմներու մշտական հետեւանքն եղող այս սպառնալի սովէն:

«Սիրելի՛ ժողովուրդ, օրհնեա՛լ լինիք, շնորհակալ եմ բոլորիդ ցոյց տուած սիրալիր ընդունելութենէն: Այժմ ներող եղէք, որ աւելի չեմ կրնար խօսիլ, Վասպուրականի Արծիւն ծերացեր է, ճանապարհի յոգնութենէն շունչս կը կտրուի: Այսուհետեւ ձեզ հետ եմ եւ շատ ու շատ առիթ կ՛ունենամ ձեզ հետ խօսելու: Դարձեալ կը յորդորեմ զձեզ, որ չյուսահատիք, մեծ է Աստուծոյ զօրութիւնը, ամէն կողմէ շուտով կ՛օգնեն մեզ եւ կ՛անցնին այս դժուարին օրեր: Դէհ, երթայք բարեաւ եւ խաղաղութեամբ  թողէք որ ես ալ երթամ եւ հանգչիմ իմ հայրենի տան յարկին տակ»:

Հայրիկ երբ բեմէն վար իջաւ, ժողովուրդը հրելով հրմշտկելով շրջապատեց զայն: Շատեր կ՛ուլային եւ կ՛աշխատէին համբուրել անոր ձեռքերը:

Այնուհետեւ Հայրիկ բարձրացաւ առաջնորդարանի դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ բարի գալուստի պաշտօնական ընդունելութիւն:

Երեկոյեան, ոստիկանական պատուոյ պահակախումբի առաջնորդութեամբ եւ ժողովուրդի ուղեկցութեամբ Հայրիկ Քաղաքամէջէն ձիով ճամբայ ելաւ դէպի Այգեստան: Մինչեւ Յանկոյսներ, փողոցներու մէջ, ժողովուրդը ծափերով, կեցցէներով ու խանդավառ ցոյցերով կը դիմաւորէր իր առաջնորդը:

Մութ էր արդէն, երբ Հայրիկ հասաւ իր հօրենական տունը:

* * *

Վարագայ վանքը եւ Ժառանգաւորաց վարժարանի աշակերտութիւնը

Շաբաթ, 24 նոյեմբերին Հայրիկ Կրօնական եւ Քաղաքական խառն ժողովներու անդամները եւ քաղաքի երեւելի դէմքերը առաջնորդարան հրաւիրեց:

Հայրիկ ժողովականներուն ներկայացուց սովահար ժողովուրդին օրհասական վիճակը եւ առաջարկեց ընտրել մարմին մը, որ սովելոց համար հանգանակութիւն պիտի կազմակերպէ:

Ժողովը սիրով ընդառաջեց առաջարկին եւ ընտրեց Վասպուրականի սովելոց յանձնաժողովը: Յանձնաժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Խրիմեան Հայրիկ, ատենապետ` Գէորգ բէկ Գալճեան, ատենադպիր` Սեդրաք Տեւկանց, գանձապահ` Մկրտիչ Մարութեան, անդամներ` Երեմիա եպիսկոպոս Տեւկանց, Գարեգին վարդապետ Սրուանձտեանց, Յարութիւն Թերզիպաշեան, Մկրտիչ Փորթուգալեան, Այազ Այազեան, Ղեւոնդ Թէրլէմէզեան, Քերովբէ Գույումճեան եւ Կարապետ Իսաջանեան: Կազմին վրայ յետոյ աւելցան Յակոբ Պանիրեան, Յովհաննէս Խանճեան, Սարգիս Միրզախանեան եւ Սիմոն Կիւնէշեան:

Սովելոց յանձնաժողովը իսկոյն գործի լծուեցաւ եւ մեծամեծ զոհողութիւններով հանգանակութիւններ սկսաւ կազմակերպել եւ ստանձնեց նպաստի եւ հացի բաշխման աշխատանքները:

* * *

Վան քաղաքէն, ինչպէս նաեւ Շատախէն, Մոկսէն, Ռշտունիքէն, Թիմարէն, Արճակէն, Նորդուզէն, Հայոց Ձորէն եւ Աղբակէն հասնող սովահարներու բազմութիւններ Վանի առաջնորդարանի դուռերուն առջեւ խռնուած «Հա՜ց, հա՜ց» կ՛աղաղակէին:

Սովելոց յանձնաժողովը գերագոյն ջանքեր կը գործադրէր հաց ապահովելու համար: Բայց աղէտը այնքան մեծ եւ համատարած էր, եւ միջոցները այնքան սահմանափակ, որ անհնար էր անխափան նպաստաբաշխում կատարել եւ բաւարարել ժողովուրդին տարրական կարիքները:

Վանի փողոցները լեցուն էին գաւառներէն հասնող սովահարներով: Պատերուն տակ եւ դուռներուն առջեւ հիւանդ, անօթի եւ կիսամեռ պառկած տղամարդիկ, կանայք եւ մանուկներ հաց եւ օգնութիւն կը հայցէին անցորդներէն:

Վան լեցուած էին նաեւ գաւառներէն հասնող սովահար քիւրտեր, որոնք դուռէ դուռ կը մուրային եւ հաց կը խնդրէին:

Հայրիկ երբ փողոցներէն անցնէր, կմախացած կանայք եւ տղամարդիկ, ծերեր ու պատանիներ դժուարաւ ոտքի կը կանգնէին եւ անոր ճամբան կտրելով կ՛աղաղակէին.

– Հայրիկ ջան, արեւիդ կուրբան, պատառ մը խա՜ց: Հայրի՜կ, անուանդ մեռնիմ, մէկ ճար արա, անօթի մեռանք: Հայրի՜կ, զաւակներս հիւանդ են, օգնութի՜ւն:

Հայրիկ կը յուզուէր, ձեռքը գրպանը կը նետէր եւ ունեցած ամբողջ դրամը զինք շրջապատողներուն կը բաժնէր:

Հայրիկէն օգնութիւն կը խնդրէին նաեւ սովահար քիւրտեր եւ լալագին ու աղաղական կ՛ըսէին. «Հայրիկ, հայրիկ, քու բախտն ենք ինկած, հա՜ց, հա՜ց, օգնութիւն»: Հայրիկ սիրով կ՛ընդառաջէր բոլորին:

Յառաջացող ձմրան հետ սովը հետզհետէ սաստկացաւ. ծայր առին համաճարակ հիւանդութիւններ:

Հայրիկ հեռագիրներով ու նամակներով դիմեց Պոլսոյ, Թիֆլիսի եւ Պարսկաստանի իր բարեկամներուն եւ ազգայիններու, խնդրելով անմիջական օգնութիւն հասցնել սովահար ժողովուրդին:

Պատրիարքարան եւ Ազգային ժողով որոշեցին համազգային օգնութիւն կազմակերպել, ժողովուրդը սովամահութենէ փրկելու համար:

* * *

Վանի մօտակայ Լէզք գիւղը. ժայռին վրայ` սուրբ Ամենափրկիչ մատուռը

Պոլիս, Գատըգիւղի Կիւլպէնկեաններու տան մէջ, 6 յունուար 1880-ին, Սուրբ Ծննդեան տօնին, խումբ մը ազգայիններ հաւաքուած էին: Այդ հաւաքոյթին Սերովբէ եւ Աբէլ Կիւլպէնկեաններ, Աբիկ Ունճեան, Պօղոս Շաշեան եւ Գրիգոր Նիկոդիմոսեան որոշեցին սովահար ժողովուրդին օգնութիւն ցոյց տալու համար մարմին մը կազմել:

Այսպիսով կազմուեցաւ Հայաստանի սովելոց խնամատար կեդրոնական յանձնաժողովը, որուն անդամներն էին` Սերովբէ Կիւլպէնկեան, Սահակ Ղազարոսեան, Պօղոս Շաշեան, Գաբրիէլ Նորատունկեան, Աբիկ Ունճեան, Գրիգոր Նիկոդիմոսեան, Աբէլ Կիւլպէնկեան եւ Գառնիկ Յովակիմեան:

Վասպուրականի սովելոց յանձնաժողովը Քերովբէ Գույումճեանը կեդրոնական յանձնաժողովին մօտ ներկայացուցիչ նշանակեց:

Հայաստանի սովելոց խնամատար կեդրոնական յանձնաժողովը ընդհանուր հանգանակութեան ձեռնարկեց Պոլսոյ, Զմիւռնիոյ եւ օսմանեան պետութեան տարբեր քաղաքներու, Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի, ինչպէս նաեւ Հնդկաստանի, Եգիպտոսի եւ Եւրոպայի գաղութներուն մէջ: Ամբողջ հայութիւնը օգնութեան հասաւ սովեալներուն:

Թիֆլիսէն, Գրիգոր Արծրունի իր «Մշակ» թերթին միջոցով մեծաքանակ գումարներ հանգանակեց եւ ղրկեց կեդրոնական յանձնաժողովին:

Կեդրոնական յանձնաժողովը գաւառներէն սրտաճմլիկ տեղեկութիւններ կը ստանար:

Ալաշկերտէն ղրկուած տեղեկագիր մը կ՛ըսէր. «Ամէն կողմ մահատիպ լռութիւն, ամէն կողմ ամայութիւն, չկայր շարժում մը, ձայն մը, որ կենդանութեան նշոյլ մը տայր:… Ահռելի տեսարաններ կը ներկայանային հետզհետէ. ամէն սեռէ ու տեսակէ անձինք գետնի վրայ տարուած էին, անշարժ, անզգայ, մահուան դալուկն իրենց դէմքն կը պատէր եւ միմիայն նոցա շնչառութեան շշնկոցն կը լսուէր: Ուղեւորութեան ժամանակ շատեր ճանապարհին վրայ կը մնան կիսամեռ կամ դիակնացեալ. գարշահոտութիւն կը տիրէ ամէնուրեք եւ Պայազիտէն մինչեւ Վաղարշակերտ ամբողջ դաշտն ծածկուած է դիակներով: Անձամբ տեսայ շատեր որ յետին շունչ կը փչեն»:

Հայաստանի սովելոց խնամատար կեդրոնական յանձնաժողովը սովահար բոլոր շրջաններուն մէջ մասնաճիւղեր հաստատեց եւ կանոնաւոր կազմակերպութեամբ սկսաւ ղեկավարել ընդհանուր գործերը:

Սակայն սովը հետզհետէ կը ծաւալէր եւ ահաւոր համեմատութիւններ կը ստանար:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (26 Յունիս 1969)

Յաջորդը

«Աղբի Տեղը Աղբանում Է», Ո՞ւր Է Տեղը Բողոքի, Դատի, Դատավարութեան, Դատաւորի Եւ Վճիռի

RelatedPosts

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ.   Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ
Պատմական

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ. Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

Յունիս 25, 2025
Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան  Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման
Պատմական

Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման

Յունիս 18, 2025
Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ.  Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ
Պատմական

Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ. Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ

Մայիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?