Յատուկ դասաւորումով եւ կարգադրութեամբ «Սթեփ Ըհետ Սփորթ Սքուլ»-ի գլխաւոր մարզիչ Ֆուատ Ժըրժեսի, երկուշաբթի, 17 յունիսին, «Չեմփս» ակումբին մէջ (Հազմիէ) տեղի պիտի ունենայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարուի մարզիչներու յատուկ դասընթացքի մը մասին, որուն պիտի հսկէ եւ մարզիչներուն յատուկ ուղղութիւններ եւ ցուցմունքներ տայ սերպ հանրածանօթ մարզիչ Զելքօ Օպրատովիչ:
Նշենք, որ այս դասընթացքը` հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ Միջին Արեւելքի մէջ:
Անոր մասնակցիլ փափաքողները պէտք է կապ հաստատեն, կազմակերպիչներուն հետ: