Շաբաթ, 8 յունիսին Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցաւ 2021-ի տղոց Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, ներկայութեամբ պասքեթպոլի աշխարհի ֆետերասիոնին նախագահ, արժանթինցի Հորասիօ Մուրաթորէի, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ, քաթարցի Սըուտ Ալի Բ.-ի, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար, լիբանանցի Յակոբ Խաչերեանի, տարբեր երկիրներու ֆետերասիոններու նախագահներու եւ ներկայացուցիչներու, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Աքրամ Հալապիի եւ մարզական լրագրողներու:
24 խումբերը բաժնուեցան 6 խմբակի, իւրաքանչիւրը` չորս խումբ: Իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն աւարտական հանգրուանի մրցումներու իրենց տոմսը, իսկ անոնց կը միանան, երրորդ դիրքը գրաւած լաւագոյն չորս խումբեր:
Լիբանան, որ մաս կազմեց Դ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Պահրէյնը, Իրաքը եւ Հնդկաստանը:
Այլ գետնի վրայ, երէկ վերոնշեալ երկրին մէջ տեղի ունեցան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Աքրամ Հալապի ընտրուեցաւ Ա. փոխնախագահ: